Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Սանթա Քլարիթայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Հայրապետեանի եւ Ծխական խորհուրդի հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ, շրջանի ծուխը օժտուեցաւ եկեղեցւոյ կալուածով մը, որուն հասցէն է՝ 24626 Kansas Street, Newhall, CA 91321:
28,875 քառակուսի ոտք կալուածէն մաս մը պիտի ծառայէ իբրեւ ժամանակաւոր եկեղեցի-մատուռ՝ մինչեւ հայկական ոճով եկեղեցւոյ մը կառուցումը: Նաեւ, անոր քանի մը սենեակները պիտի գործածուին իբրեւ դասարաններ՝ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան համար:
Յունիս 17ին, սրբազան հայրը առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութ սրկ. Մարգարեանի հետ այցելեց նոր գնուած կալուածը, աղօթեց եւ նկատի առաւ ապագայ բարեփոխումները:
Նոր գնուած շէնքէն ներս, Կիրակի, Յունիս 28ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ ծուխին հոգեւոր հովիւը՝ Ներսէս Ա. քհնյ. Հայրապետեանը: Այնուհետեւ, Կիրակի օրերը, բացի ամսուան երկրորդ Կիրակիէն, նոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի, իսկ ամսուան երկրորդ Կիրակին, տէր Ներսէս պատարագ պիտի մատուցանէ Փալմտէյլի մէջ:
Աւելի ուշ թուականի մը, առաջնորդի հանդիսապետութեամբ պիտի կատարուի եկեղեցւոյ նոր կալուածի հողին օրհնութիւնը: