ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.-Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով, իր սերպ պաշտօնակիցին հետ Երեքշաբթի, Յունիս 23ին կայացած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է. «Թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի եւ թէ՛ Քոսովոյի հարցը պէտք է լուծուի՝ հիմնուելով միջազգային օրէնքի եւ սկզբունքներու վրայ»։
Ան նշած է, թէ հանդիպումին ընթացքին քննուած են երկու հարցեր։ «Խօսելով միջազգային օրէնքի արժէչափերուն մասին՝ մենք կը զօրակցինք միջազգային մակարդակին վրայ ճանչցուած հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ սահմաններու անբռնաբարելիութեան։ Հասանք այն եզրակացութեան, թէ երկու երկիրներուն սահմանները պէտք է ճանչցուին ՄԱԿի անդամակցութեան պահուն ճանչցուած սահմաններուն հիմամբ», յայտնած է Մամէտեարով։
Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Եուք Երեմիչ յայտնած է, թէ Քոսովոյի հարցը կրնայ վնասել բոլոր երկիրներուն հողային ամբողջականութեան։
Միւս կողմէ, «Թուտէյ.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Մամէտեարով լրագրողներուն յայտնած է, թէ՝ «Ատրպէյճան կ՛ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով մինչեւ 2009ի աւարտը լուծումի մը հասնիլ, սակայն ատիկա միայն մեզմէ կախեալ չէ»։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնած է. «Պիտի շարունակենք Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն ձեռնարկած աշխատանքը։ Երկու նախագահները մեզի այս հարցով պարտականութիւն տուին»։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 26 Յունիսին, Փարիզի մէջ։