ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Յունիս 29ը կը նշուի իբրեւ անհետք կորած անձերու օր: Անոնց յիշատակին յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Երեւանի «Եռաբլուր» պանթէոնին, նաեւ Ստեփանակերտի Արցախեան պատերազմին զոհուածներու եւ անհետք կորսուածներու յուշահամալիրին մէջ:
Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) տուած տեղեկութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով, Հայաստանի, ԼՂ հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի մէջ անհետք կորսուած կը համարուի 4 հազար 505 անձ: 1992էն ի վեր, գործելով ԼՂ հակամարտութեան տարածաշրջանին մէջ՝ ԿԽՄԿ օգնած է հակամարտութեան հետեւանքով գերառուած անձանց հայրենադարձման կամ տեղափոխման գործընթացին:
Նշենք, որ կոմիտէն օգնած է, որ Հայաստան վերադառնայ աւելի քան 700 մարդ, որոնք, իբրեւ գերի պահուած էին Ատրպէյճան: ԼՂՀ Ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովի տուեալներով, արցախեան պատերազմի տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղէն անհետք կորսուած է շուրջ 800 մարդ:
Ըստ յանձնաժողովի նախագահ Վիքթոր Քոչարեանի, ատրպէյճանցիները կ՛ուռճացնեն անհետք կորսուածներուն թիւերը, եւ նոյնիսկ այդ մասին կեղծ տեղեկութիւն կը տարածեն, իբր թէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մինչեւ այսօր գերիներ կը պահուին: Յանձնաժողովի նախագահը ընդգծած է, որ նման սուտ լուրեր չեն համապատասխաներ իրականութեան։
«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հասարակական կազմակերպութեան ցուցակներուն վրայ կայ անհետք կորսուածներու աւելի քան 800 անուն։ Անոնց մէջ կան Հայաստանի, Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ:
Կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Լարիսա Ալաւերդեան նշած է, որ ատրպէյճանցիները անհիմն ցուցակներ կը ներկայացնեն անհետք կորսուած անձանց վերաբերեալ՝ հարցը շահարկելով եւ քաղաքականացնելով: Բացի անկէ, անոնց կողմէ ներկայացուող շուրջ 4 հազար անհետք կորսուածներուն թիւին մէջ են նաեւ պատերազմի դաշտին վրայ զոհուածներ, որոնց դիակները ատրպէյճանցիները միտումնաւոր կերպով չեն վերցուցած:
Նշենք, որ հայկական կողմը միշտ պատրաստակամութիւն յայտնած է անհետք կորսուածներու ցուցակներու ճշգրտման եւ ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ, սակայն Ատրպէյճանը միշտ խոչընդոտներ ստեղծած է:
«Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ, Յունիս 29ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւարութեամբ, անհետք կորսուածներու յիշատակին յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայաստանի բարձրագոյն սպայակազմը: