ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».- Ըստ թրքական «Ռատիքալ» թերթին, Յունիս 22ին նմանատիպ որոշում առնուած է նաեւ Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն համար, ուր կը յաճախեն 3 հազար աշակերտներ։ Արդարեւի, Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութիւնը, Յունուար 8, 2009ին ընդունած էր որոշում մը, ըստ որուն ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող դպրոցներուն մէջ թրքական դասագիրքերը անվճար պիտի տրամադրուին աշակերտներուն:
Կը պարզուի, որ հայկական դպրոցներուն համար առնուած որոշումը՝ նախաձեռնութիւնն է պոլսահայ Վարուժան Թուրաչի, որ հայկական վարժարաններու անվճար դասագիրքեր տրամադրելու պահանջով դիմած էր Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին եւ Ապրիլ 27ին՝ նաեւ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին:
Իբրեւ հետեւանք, Յունիս 21, 2009ին նախարարութիւնը յղած է յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կը նշուի. «Կրթութեան եւ դաստիարակութեան խորհուրդը նպատակայարմար կը գտնէ ազգային փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն համար իրենց լեզուով դասագիրքերու հրատարակումն ու անոնց անվճար տրամադրումը, եթէ հրատարակման ենթակայ դասագիրքերու օրինակները նախապէս ներկայացուին նախարարութեան համապատասխան վարչութիւններ»:
Յայտարարութեան մէջ միաժամանակ նշուած է, որ հայերէն դասագիրքերու հրատարակման եւ անվճար տրամադրման ընդհանուր ծախսերը պիտի կազմեն շուրջ 100 հազար թրքական լիրա:
Հարկ է նշել, որ Յունիս 21ին, Թուրքիոյ մէջ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն տուած ճաշկերոյթին ընթացքին, ազգային վարժարաններուն անվճար դասագիրքեր տրամադրելու հարցին անդրադարձած է վարչապետ Էրտողան՝ ըսելով. «Կը սկսինք անվճար դասագիրքերով ապահովել նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոց յաճախող աշակերտները, ինչպէս կ՛ապահովէինք տարրական եւ միջնակարգ միւս դպրոցներուն համար»: