ՎԱՆԱՁՈՐ, «Առաւօտ».- Վանաձորի մանկատունէն 10 երեխայ մնացած է անօթեւան ու անպաշտպան: Ապրիլ 30ին կասեցուած է Վանաձորի մանկատան շրջանաւարտներու անկախ ապրելակերպի ծրագիրը: Ըստ հովանաւորող կազմակերպութեան, ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան, «Սոցիալական պաշտպանութեան համակարգի հզօրացում» (ՍՊՀՀ) ծրագիրը կասեցուած է վատ աշխատանքի պատճառով:
Այս ծրագիրով, 16 տարիները ամբողջացուցած մանկատան երեխաներուն համար վարձակալուած էին բնակարաններ, ուր անոնք կ՛ապրէին եւ կ՛աշխատէին ընկերային աշխատողի հետ միասին: Ծրագրին նպատակն էր՝ զարգացնել երեխաներուն անկախ ապրելակերպի հմտութիւնները: