ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Յառաջիկային պիտի ստորագրուի Հայաստանի նախագահի հրամանագրով մշակուած «ՀՀ տեղեկատուական անվտանգութեան հայեցակարգ»ը: Այդ մասին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու կեդրոնի ղեկավար Արա Սաղաթելեանը:
«Հայեցակարգի ընդունումը հիմք կը ծառայի տեղեկատուական քաղաքականութեան կանոնակարգման համար: Նման հայեցակարգի առկայութիւնը օրուան հրամայականն է եւ հենց դա է պատճառը, որ նախագահը յանձնարարել է սեղմ ժամկէտում մշակել եւ ներկայացնել հայեցակարգը», ըսած է ան: Ըստ Սաղաթելեանի, այդ փաստաթուղթը Հայաստանի մէջ տեղեկատուական անվտանգութեան համակարգի ներկայ իրավիճակի ընդհանուր նկարագրութիւնն է, արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու նկարագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ձեւերուն ուսումասիրութիւնը:
««Տեղեկատուական անվտանգութեան հայեցակարգը» ոչ միայն զուտ քաղաքական փաստաթուղթ է: Անիկա վերաբերում է մեր առօրեայ կեանքին ու աշխատանքին», ըսած է Արա Սաղաթելեան՝ աւելցնելով, որ շնորհիւ այդ հայեցակարգին, քանի մը ամիսէն, Հայաստանը պիտի ունենայ տեղեկատուական անվտանգութեան կուռ համակարգ: «Տեղեկատուութեան անվտանգութեան համակարգը Հայաստանում, ինչպէս բոլոր յետխորհրդային երկրներում, բացի Ռուսաստանից եւ Ղազախստանից, գտնւում է կազմաւորման փուլի մէջ», եզրափակած է Սաղաթելեան: