ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրք պաշտօնատարներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Էրթուղրուլ Ափաքան Երկուշաբթի, Յունիս 22ին միօրեայ այցելութիւն մը տուած է Իսրայէլ։ Ափաքանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իսրայէլ այցելած է Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեանց միջեւ քաղաքական երկխօսութեան տարեկան հանդիպման համար, որուն ընթացքին քննուած են շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար՝ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ գործակցութիւնը։