ՊԻՇՔԷՔ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունիս 23ին, Ղրղզստանի խորհրդարանական յանձնախումբի մը կողմէ վաւերացուած համաձայնութեամբ մը, Միացեալ Նահանգներ համաձայնած է երկրին մէջ կարեւոր օդուժի զօրակայանի մը վարձքը աւելի քան եռապատկել՝
այդ խարիսխէն կազմածներ Աֆղանիստան փոխադրելու համար։ Ուաշինկթըն նաեւ 37 միլիոն տոլար պիտի վճարէ օդանաւերու նոր կարատուններ եւ պահեստանոցներ կառուցելու համար, նաեւ առաւել 30 միլիոն տոլար՝ օդանաւերու երթեւեկը կառավարող նոր համակարգերու համար։ Համաձայնութիւնը պիտի ներկայացուի խորհրդարանի ընդհանուր նիստին, ուր վաւերացումը հաւանական է։ Ղրղզստան Փետրուարին նեղ կացութեան մատնեց Ուաշինկթընը, երբ յայտարարեց, թէ ամերիկեան ուժերը պիտի հեռացուին խարիսխէն, որովհետեւ Ուաշինկթըն բաւարար չէր վճարեր։