ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ լիբանանցի բանաստեղծ Թալալ Հայտարի, կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական շաբաթաթերթին՝ իր հիմնադրութեան 5րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 21 Յունիսի երեկոյեան, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ՝ նուիրուած սուրիացի գրագէտ եւ թարգմանիչ փրոֆ. Նիզար Խալիլիի։
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ծաղիկ» գրական շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Ասպետ Ռուբինեան, որ յայտնեց, թէ «Ծաղիկ»ի խմբագրութիւնը ուզած է մեծարել փրոֆ. Նիզար Խալիլին՝ թարգմանական գործին մէջ ունեցած իր մեծ ներդրումին համար։
Լրագրող, գրագէտ եւ թարգմանիչ Ժիւլի Մրատ խօսք առնելով՝ նախ պատմական ակնարկ մը նետեց արաբական աշխարհին մէջ թարգմանական աշխատանքներուն եւ թարգմանութեան պատմութեան, ապա վեր առաւ փրոֆ. Նիզար Խալիլիի տարած թարգմանական աշխատանքները՝ շեշտելով, որ ան բացառիկ կերպով կատարած է հայերէնէն-արաբերէն թարգմանութիւնները եւ շատ լաւ ծանօթ եղած է հայկական մշակոյթին, արուեստին, կրթութեան եւ լաւապէս սորված է լեզուն, ինչ որ նպաստած է իր կատարած թարգմանութիւններուն յաջողութեամբ պսակուելուն։
Ձեռնարկի հովանաւոր բանաստեղծ Թալալ Հայտար, իր կարգին շեշտեց, որ ցեղասպանութենէ ճողոպրած հայ ազգը ամէն կողմ տարածուեցաւ, ձուլուեցաւ, սակայն ո՛ւր որ գնաց՝ հարստացուց իր քաղաքակրթութեամբ եւ եղաւ լուսաւորող ջահ։ Ան օրինակ բերաւ Լիբանանի երաժշտութեան, թատրոնի, գեղանկարչութեան մարզերուն մէջ ներդրում ունեցած հայ արուեստագէտները, աւելցնելով, որ հայերը ամէն տեսակէտով հարստացուցին Լիբանանը: «Դուք մեր գլուխը բարձր պահեցիք, մինչ մենք բան չըրինք ձեզի, բացի փրոֆ. Նիզար Խալիլիին ըրածէն», եզրափակեց Թալալ Հայտար։
Ապա խօսք առաւ մեծարեալ փրոֆ. Նիզար Խալիլին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ծաղիկ» գրական շաբաթաթերթին եւ անոր խմբագիր Ասպետ Ռուբինեանին՝ այս երեկոյին համար: Ան հայերէնով ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ հայերէնը սորված է իր աշակերտներուն միջոցով՝ իր բարեկամներէն եւ պաշտօնակիցներէն։
Աւարտին Ասպետ Ռուբինեան յուշատախտակ մը յանձնեց մեծարեալին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.