ՊՈԼԻՍ.- Թաքսիմի Մարմնամարզական ակումբի Ֆէրիգիւղի հայկական համալիրը, 15 Յունիսին հանդիսաւորապէս բացաւ իր դռները։ Բացման արարողութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ փոխքաղաքապետ Տիար Վազգէն Պարըն, նաեւ պատկան մարմիններու ու մարզական աշխարհի ներկայացուցիչներ եւ համայնքային դէմքեր։
Ներկաները համախմբուեցան մարզադաշտ, որուն կեդրոնը զետեղուած հարթակէն ողջոյնի խօսք արտասանեց Թաքսիմի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան։ Ան նշեց, որ շնորհիւ քաղաքապետ Սարըկիւլի, կարելի եղաւ իրագործել այս գնահատելի աշխատանքը։
Նախ հրապարակ մը կառուցուեցաւ, ապա՝ մարզադաշտն ու մարզահամալիրը՝ արդիական չափանիշներու համապատասխան: Կարօ Համամճեան խօսքին ընդմէջէն տեղեկացուց, թէ ակումբի երդիքին տակ համախմբուած են 400 մարզիկներ: Գործելու սկսած է նաեւ պատանիներու ֆութպոլի մարզադպրոցը։
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Կրթական տնօրէն Աթա Էօզէր ու քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ դիտել տուաւ, թէ 1941ին հիմնուած ակումբը կարեւոր մարզիկներ տուած է երկրին։
Աւարտին, Կարօ Համամճեանի ձեռամբ ու ակումբի անունով յուշատախտակ մը նուիրուեցաւ քաղաքապետին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ ճոխ ընդունելութիւն։