ԱՐՑԱԽ.- Յունիս 24ին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆրանսական մասնաճիւղի խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնք ժամանած էին ծանօթանալու Արցախին եւ իրենց հանգանակած միջոցներով կառուցուող շինարարական աշխատանքի ընթացքին:
Վարչապետը հիւրերուն ներկայացուցած է Ղարաբաղի ընկերային-տնտեսական վիճակը, հեռանկարներն ու ծրագիրները: Ան գոհունակութեամբ նշած է, որ բազմաթիւ սփիւռքահայեր ոչ միայն բարեգործութիւն կը կատարեն ընկերային տարածքներու, ջրամատակարարման, ճանապարհներու վերականգնման ոլորտներուն մէջ, այլեւ հանդէս կու գան իբրեւ ներդրողներ՝ Ղարաբաղի տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ:
Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ այս տարուան աշնան կայանալիք հեռուստամարաթոնին, որուն իբրեւ արդիւնք հանգանակուած գումարները պիտի ուղղուին Շուշի քաղաքի վերականգնման: «Մենք պէտք է ունենանք զարգացած, ժամանակակից Շուշի, եւ այն պիտի կառուցենք համատեղ», ընդգծած է ան:
Ֆրանսահայ բարերարներէն մէկը հետաքրքրուած է Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցով: «Հնարաւո՞ր է արդեօք, մօտակայ երկու տարուան ընթացքին ԼՂՀ անկախութեան ճանաչում» հարցին պատասխանելով՝ վարչապետ Արա Յարութիւնեան մասնաւորապէս շեշտած է, թէ այդ հարցը մօտակայ տարիներու գործ չէ, եւ ատոր համար երկար ժամանակ կը պահանջուի, սակայն ատիկա ղարաբաղցիներուն չ՛արգիլեր ապրիլ ու արարել: «Մենք ունենք հզօր բանակ, անվտանգութեան երաշխաւոր՝ ի դէմս Հայաստանի հանրապետութեան», միտքը շարունակած է ան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայիս վարուող քաղաքականութենէն մեկնած՝ «Ատրպէյճանը ցանկանում է, որ ղարաբաղցիները յանձնեն ազատագրուած տարածքները եւ ընդհանրապէս դուրս գան Ղարաբաղից, ինչն արցախցիների համար անընդունելի է»:
Հիւրերը նաեւ հետաքրքրուած էին Ղարաբաղի տնտեսութեան վրայ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին ձգած ազդեցութեան հարցով, որուն ի պատասխան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան ըսաւ, որ ճգնաժամը անշուշտ իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Ղարաբաղի տնտեսութեան վրայ, բայց տակաւին Ղարաբաղի մէջ կարելի է ապահովել տնտեսական աճ: «2008 թուականը փակեցինք 14.3 տոկոս տնտեսական աճով, եւ ինչպէս ընթացիկ տարում, այնպէս էլ հետագայում պէտք է կարողանանք պահպանել այդ աճի տեմպերը», շեշտած է Ղարաբաղի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը՝ հիւրերուն ծանօթացնելով ընթացիկ եւ հետագայ ծրագրերը, յատկապէս ուժանիւթի եւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն գծով: