ԵՐԵՒԱՆ.- Ի պաշտպանութիւն վրացահայութեան եւ Ջաւախքի իրաւունքներուն, Յունիս 25ի առաւօտեան, Երեւանի «Արմէնիա Մարիոթ» հիւրանոցին առջեւ, ուր իջեւանած է Վրաստանի նախագահը, կազմակերպուած էր բողոքի ցոյց մը՝ Հայաստանի մէջ բնակող խումբ մը ջաւախքահայերու, երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու կողմէ՝ նպատակ ունենալով Վրաստանի նախագահին յանձնել իրենց դիմումը։
Ոստիկանները ցուցարարներուն հեռացուցած են հիւրանոցին դիմացէն՝ բախում ունենալով անոնց հետ։ Նշենք, որ ասիկա երկու օրուան ընթացքին երկրորդ ցոյցն էր, որ կը կազմակերպուէր նոյն նպատակով եւ կը կասեցուէր ոստիկանութեան կողմէ:
Ոստիկանները ցոյցի մասնակիցներուն հրելով՝ հասցուցած էին մինչեւ Աբովեան փողոց: Այստեղ ցոյցի մասնակիցներուն միացած էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, որ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած էր, թէ «Փորձելով առգրաւել պաստառները՝ ցուցարարները յայտնուեցին Ագաթանգեղոս փողոցի սկզբնամասում: Այնինչ Վրաստանի նախագահից խաղաղ ցուցարարների պահանջը յստակ էր եւ արդարացի»:
Ցուցարարները Վրաստանի նախագահէն կը պահանջէին՝
Վրաստանի տարածքին մէջ
1. Հայ Առաքելական եկեղեցիին տալ կրօնական հաստատութեան իրաւական կարգավիճակ.
2. Դադրեցնել հայկական եկեղեցիներու վրացականացումը եւ իբրեւ այդպիսին՝ զաւթումը.
3. Նպաստել հայկական դպրոցներու կենսունակ գործունէութեան,
4. Դադրեցնել պետական տարբեր կառոյցներու կողմէ հայերը վախցնելու եւ հայկական շրջանակներուն մէջ սարսափի մթնոլորտ յառաջացնելու քայլերը.
Սամցխէ-æաւախքի երկրամասին մէջ՝
5. Հայերէնը հռչակել պետական երկրորդ լեզու.
6. Նախաձեռնել հայ-վրացական պետական համալսարանի ստեղծման.
7. Քայլեր ձեռնարկել երկրամասին (եւ յարակից հայաբնակ շրջաններուն) սահմանադրօրէն ամրագրուած ինքնավար կարգավիճակ տալու ուղղութեամբ՝ իբրեւ դաշնային Վրաստանի բաղկացուցիչ միաւորներէն մէկը՝ տեղական ինքնակառավարման բարձր մակարդակով.
8. Դադրեցնել երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը արհեստականօրէն փոխելու քայլերը.
9. Պետական պիւտճէէն կամ միջազգային նպաստներէն ներդրումներ կատարել ընկերային-տնտեսական եւ հաղորդակցական ծրագիրներու իրականացման նպատակով.
10. Չխոչընդոտել երկրամասի բնակչութեան եւ հասարակութեան յարաբերութիւնները Հայաստանի հանրապետութեան հետ։