ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլի Յունիս 25ին այցելած է Երեւանի պետական համալսարան (ԵՊՀ), ուր հանդիպած է համալսարանի դասախօսական կազմին եւ ուսանողներու հետ: Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը՝ ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեան յոյս յայտնած է, որ բարձրաստիճան հիւրին այցելութիւնը Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գործին մէջ յառաջընթաց քայլ պիտի դառնայ: «Հայաստանն ու Վրաստանը ընդհանուր շահեր ունեն ոչ միայն կրթութեան, այլեւ ուրիշ բնագաւառներում», ընդգծած է ԵՊՀ ղեկավարը: Արամ Սիմոնեան յատկապէս մատնանշած է Վրաստանի պատմութեան եւ կայացման գործին մէջ հայերուն ունեցած դերակատարութիւնը,՝ ընդգծելով Վրաստանի խիտ հայաբնակ շրջաններուն մէջ հայերէն լեզուին իւրայատուկ կարգավիճակ շնորհելու անհրաժեշտութիւնը:
Պետական համալսարանի գիտական խորհուրդին որոշումով, Վրաստանի նախագահը պարգեւատրուած է համալսարանի ոսկէ մետալով եւ արժանացած է ԵՊՀ պատուաւոր դոկտորի կոչման:
Իր ելոյթին մէջ, Միխայէլ Սահակաշվիլի ընդգծած է, որ Հայաստանի այցելութիւնը դուրս կը մնայ պաշտօնական այցի շրջանակէն: «Հայաստանը եւ Վրաստանը կը լրացնեն միմեանց եւ միմեանց շարունակութիւնը կը կազմեն», ընդգծած է Վրաստանի նախագահը: Ան ներկայացուցած է նաեւ Վրաստանի մէջ տարբեր ոլորտներէ ներս իրականացած բարեփոխումները եւ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան վիճակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.