ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեւանայ լիճի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով ջուրի տակ անցած անտառային ծածկոյթի մաքրման նպատակին համար, Հայաստանի պետական ամավարկէն այս տարի յատկացուած է 250 միլիոն դրամ: Կը նախատեսուի տարուան ընթացքին իրականացնել 600 հեքթար անտառային տարածքի մաքրութեան աշխատանք, որուն համար մրցոյթ պիտի յայտարարուի յառաջիկայ օրերուն:
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան Կենսական աղբիւրներու կառավարման գործակալութեան տնօրէն Արտաշէս Զիրոյեան նշած է, որ վերոնշեալ աշխատանքներուն արդիւնքով մաքրուած անտառային տարածքները պիտի կազմեն 1000 հեքթար: «Սեւանի մասին» օրէնքով նախատեսուած է յառաջիկայ տարիներուն լիճի մակարդակը բարձրացնել 6մ.՝ լիճի ջուրի ամբողջ ծաւալը հասցնելով 40 միլիառ խմ.: Այդ պարագային, ըստ Ա. Զիրոյեանի, ջուրին տակ պիտի անցնի եւս 5000 հ. տարածք, որուն 230ը՝ անտառ: «Այդ անտառների մաքրման աշխատանքները ըստ տարիների կ՛իրականացուեն: Շտապել պէտք չէ, քանի որ պատմութեան մէջ դէպքեր են եղել, երբ բարձրացումից յետոյ, լճի ջրի մակարդակի իջեցում է տեղի ունեցել», նշած է մասնագէտը:
Նշենք, որ նախորդ տարի կառավարութեան որոշումով լիճէն պէտք է դուրս բերուէր 150 միլիոն խմ. ջուր, սակայն Ազգային ժողովի որոշումով, այդ ծաւալը հասած է 300 միլիոնի: Ա. Զիրոյեան այս մէկը կը բացատրէ այն հանգամանքով, որ վերջին տարիներուն հանրապետութեան մէջ մշակուող հողատարածքները կ՛աւելնան: