ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Յունիս 26ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախապատրաստման հասարակական բանավէճ՝ հերթական հայ-ատրպեճանական խաղաղարար համաժողովին, որ պիտի կայանայ Յուլիս 21-24ի միջեւ, Մոսկուայի մէջ: Ըստ International Alert նախագիծերու տնօրէն Տեսիսլաւա Ռուսանովայի, խորհրդակցութիւններ կ՛ընթանան ղարաբաղեան հակամարտութեան բոլոր կողմերու հասարակութիւններուն հետ, իամանալու համար բնակչութեան եւ մտաւորականութեան կարծիքը, զոր կարելի է քննարկել համաժողովին ընթացքին: «Մոսկովեան համաժողովը նուիրուած պիտի ըլլայ «հումանիտար» հարցերու եւ մշակութային աւանդութիւններու: Մենք յոյսով ենք, որ ատիկա պիտի նպաստէ առաւել բարենպաստ մթնոլորտի ձեւաւորման՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար», ըսած է Ռուսանովան: