ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- ԼՂՀ կառավարութիւնը վերջերս հաստատած է «Նորաստեղծ ընտանիքների համար ամուսնութեան նպաստ սահմանելու մասին» որոշումին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարող նախագիծը, ըստ որուն, կ՛ընդլայնի ամուսնութեան նպաստ ստացող զոյգերուն շրջանակը: Նոր փոփոխութեան համաձայն, ամուսնութեան նպաստէն կրնան օգտուիլ նաեւ այն զոյգերը, որոնց պարագային գրանցուած ամուսիններէն մէկը կը հանդիսանայ Հայաստանի քաղաքացի՝ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինծառայող, իսկ միւսը ԼՂՀ քաղաքացի է կամ ունի ԼՂՀ մշտական հաշուառում:
Յիշեցնենք, որ 300 հազար դրամ կազմող ամուսնութեան նպաստը, նորապսակները Ղարաբաղի մէջ կը ստանան 2008ի Յունուար 1էն սկսեալ:
2008ին Ղարաբաղի մէջ աննախադէպօրէն աճած է ամուսնութիւններու գրանցման քանակը. տարուան ընթացքին գրանցուած է 3058 ամուսնութեան դէպք՝ 2007ի 518ին դիմաց: Ըստ ԼՂՀ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան տեղեկութեանց, ընդհանուր առմամբ, Յունիս 10ի դրութեամբ ամուսնութեան նպաստ ստացած է 3061 զոյգ: Ի դէպ, արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն ընթացքին գրանցուած է 175 ամուսնութիւն: