ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան-ԱՄՆ ուղիղ թռիչքի իրականացման ժամկէտները տակաւին չեն յստակացած: Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւային գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, կը սպասուի ամերիկեան կողմի այցելութիւնը Հայաստան, որպէսզի երկկողմանի քննարկումներ իրականացուին եւ ճշդուին թռիչքի ժամկէտները:
Հայաստան-ԱՄՆ թռիչքը պիտի իրականացնէ «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը, որ այժմ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանի այդ ուղղութեամբ եւ բանակցութիւններ կը վարէ քանի մը ընկերութիւններու հետ, համապատասխան օդանաւ ձեռք բերելու նպատակով:
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու օդանաւային ընկերութիւններուն հնարաւորութիւն տրուեցաւ ուղիղ թռիչք իրականացնելու համար 2008ի Նոյեմբեր 21ին, ՀՀ եւ ԱՄՆ կառավարութիւններուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած եւ այս տարուան Յունիս 16ին ուժի մէջ մտած «Օդային հաղորդակցութեան մասին» (Բաց երկինք) համաձայնագիրի ծիրէն ներս: