Նաւասարդեան տարեկան աւանդական դարձած ձեռնարկները գովելի հետեւողականութեամբ իրենց շուրջ ստեղծած են արտասովոր քաշողականութիւն մը, որ դարձած է մեր համայնքի մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն մշտական յաջողութեան իսկ գրաւականը:
Հաճելի մթնոլորտ, երիտասարդական համախմբումներու յատկանշուած թարմութիւն ու աշխուժութիւն, ժամանցի ու միեւնոյն ժամանակ հոգեկան անզուգական բաւարարութեան պահեր:
Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ իրենց երեխաներուն հայկական իրականութեան հետ կեանքով կապելու նախանձախնդիր ծնողներ, մեծ զոհողութիւններ յանձն առնելով՝ հեռու թէ մօտիկ տեղերէ, անպայման, ընտանեօք հանդերձ կը ներկայանան մարզախաղերուն, Նաւասարդեան ամբողջ ծրագրին մաս կազմող հանդիսութիւններուն ու անշուշտ «փառահեղ», «ոգեւորի»չ կամ պարզապէս՝ յուզիչ տողանցքին:
Այս տարի եւս այդ օրերը վայելելու առիթ պիտի ունենանք՝ այսօրուընէ սկսեալ մինչեւ ամերիկեան անկախութեան տօնին համընկնող գալիք շաբաթավերջի խաղերով ու տօնախմբութիւններով:
Պիտի մասնակցինք անոնց, պիտի վայելենք այս գեղեցիկ աւանդութեան պարգեւած բոլոր բարիքները: