Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի այցելութիւնը Հայաստան կարելի է գնահատել իբրեւ հարեւան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ոսկէ առիթի մը անիմաստ կորուստ:
Անիմաստ, որովհետեւ այնպէս կը թուի, թէ երկու երկիրներու ղեկավարները բաւարարուած էին արարողակարգային հանդիսութիւններով ու փոխադարձ յարգանքի ու յարաբերութիւններու սերտացման անհրաժեշտութեան մասին ընդհանուր խօսքերու արտասանութեամբ:
Վրաստանի նախագահին համար, անշուշտ ձեռնտու էր այս, եւ ան վստահաբար բաւական գոհունակ վերադարձաւ ներքին հակամարտութիւններով վիրաւոր իր երկիրը:
Անկախ այն իրողութենէն, որ իր անկախութենէն ի վեր, Վրաստանի յաջորդական իշխանութիւններէն ոչ մէկը բարիդրացիութիւն դրսեւորող որեւէ քայլ առած է Հայաստանի հանդէպ:
Անկախ այն իրողութենէն, որ ընդհակառակը, Վրաստանի հայութեան հանդէպ ընդհանրապէս եւ æաւախքի հայ բնակչութեան հանդէպ մասնաւորապէս վրացական յաջորդական իշխանութիւնները աճող աշխուժութեամբ վարած են խտրական, հալածական եւ անբարեխիղճ քաղաքականութիւն,
Անկախ այն իրողութենէն, որ վրացական յաջորդական իշխանութիւնները տարօրինակ պատրաստակամութեամբ մասնակցութիւն բերած են ու կը շարունակեն բերել Անդրկովկասեան ընդհանուր ծրագիրներէ Հայաստանը դուրս ձգելու, Հայաստանը մեկուսացուած պահելու թրքօ-ատրպեճանական նախաձեռնութիւններուն,
Հայաստանի իշխանութիւնները որոշած են այս երկրի պատասխանատուներուն հանդէպ որդեգրել ներողամիտ կամ չէզոք կեցուածք՝ արդարացնելով իրենց դիրքորոշումը՝ իբրեւ Հայաստանը յաւելեալ մեկուսացումէ ու կենսական ճանապարհի մը փակումէ փրկելու միջոց:
Հայաստանի իշխանութիւնները այս վարքագիծը նաեւ կը պարտադրեն ժողովուրդին, անհասկնալի խանդով ու մոլուցքով ճնշելով բողոքի ձայն արտայայտելու փորձերը:
Խեղճ ու անկար կեցուածքով ի՞նչ կ՛ուզէ իրականացնել Հայաստանը: Խղճահարութի՞ւն յառաջացնել պետական յստակ ծրագիր մը իրականացնելու՝ ամէն փաստ ցոյց տուած վրացի ղեկավարներուն մօտ: Խղճահարութիւնը քաղաքական մտածողութեան մէջ տեղ ունի՞:
Չենք կարծեր:
Հայաստանի իշխանութիւնները որոշեցին Սահակաշվիլիի այս այցելութիւնը չօգտագործել իրենց մտահոգութիւնը հրապարակայնօրէն Վրաստանին փոխանցելու եւ պահանջելու առնուազն աւելի նրբանկատ վերաբերմունք æաւախքի ու վրացահայութեան, նաեւ անոնց խնդիրներուն նկատմամբ:
Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին նաեւ, որ վրացի ղեկավարը իր աչքով տեսնէ իր քաղաքականութեան հակադրութեան փաստերը Երեւանի մէջ:
Սխալ կը գտնենք քաղաքական այս գիծը եւ անարդիւնաւէտ, նկատի ունենալով որ æաւախքի հարցերուն նկատմամբ վրացական իշխանութեանց ներկայ քաղաքականութիւնը վտանգաւոր լարուածութեան պատճառ կը դառնայ, Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռնթափ կեցուածքը զանոնք մեղսակից ու պատասխանատու կը դարձնէ հետագայի անբաղձալի բոլոր զարգացումներուն:
Hatkapes zaveshtali er paron Sahakashviliin Patvo shqanhanov pargevatrele!!!
Hanun inchi?
Da voch Hayastanum haskatsan, voch el aravel evs Rusastanum!