ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ քոյրերու վարժարանը, նոր իրագործումներով եւ յաջողութիւններով լի ուսումնական տարի մը եւս բոլորեց՝ տալով Մանկապարտէզէն երեսուն, իսկ միջնակարգէն՝ 19 շրջանաւարտներ։
13 Յունիսին տեղի ունեցաւ Մանկապարտէզի հանդէսը, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Կլէնտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վարդապետ Սարոյեանի, վարժարանիս քոյրերուն, հիւրերու, ծնողներու եւ մեծ ծնողներու։ Կանաչ դասարանի երեսուն շրջանաւարտները երգելով ու արտասանելով ներկայացուցին տարուան չորս եղանակները՝ գեղեցիկ պատկերներով, իւրաքանչիւր եղանակի յատուկ երգերով եւ զգեստներով, պտուղներով, ծաղիկներով եւ տերեւներով, պատրաստուած Մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սոնա Գազանճեանի եւ ծնողներէն Լուսիկ Ղամիչեանի աշխատանքով։
Յիշատակութեան արժանի է նաեւ, վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի համբերատար աշխատանքը՝ ղեկավարելու հանդիսութեան տեւողութեան տեղի ունեցած բոլոր երգերն ու նուագները։
Հանդիսութիւնը սկսած էր Սոնա Գազանճեանի բացման խօսքով, ուր ան ծնողներուն ներկայացուց իրենց զաւակներուն իրագործած ծրագիրները եւ հաստատեց, թէ այսօրուան վկայեալները արդէն իսկ պատրաստ են երթալու Ա. դասարան: Վերջաւորութեան, ծափողջոյններու տարափին տակ, փոքրիկ վկայեալները ստացան իրենց վկայականները:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վարժարանիս տնօրէնուհի՝ քոյր Լուսիայի փակման խօսքով: Ան շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, որ այդպիսի եզակի հանդիսութիւն մը պատրաստած էր։
Մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները մանկապարտէզի ծնողներուն եւ շրջանաւարտներուն։ Վարձքերնիդ կատար ուսուցչուհիներ։
Ութերորդ դասարանի պարագային, աշակերտները պիտի բաժնուէին իրենց երկրորդ տունը դարձած վարժարանէն, իրենց հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ։ Անոնց հրաժեշտի արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցիէն:
Կիրակի, Յունիս 7ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութեան մասնակցեցան Հայ քոյրերու վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։
Անոնք եկած էին, որպէսզի Աստուծոյ, իրենց հոգիներուն մէջ քրիստոնէական առաջին սերմերը ցանած քոյրերուն, իր պատարագներով եւ դաստիարակիչ քարոզներով զիրենք յորդորող վարդապետին, դաստիարակներուն ու ծնողներուն իրենց երախտագիտական զգացումները յայտնեն, եւ իրենց ուխտը կատարեն՝ խոստանալով ըլլալ լաւ քաղաքացիներ ու պատուաբեր հայ քրիստոնեաներ։ 19 շրջանաւարտները մասնակցեցան Ս. պատարագի արարողութեան, ընթերցումներ կատարեցին Քրիսթ Սիմոնեան (անգլերէն) եւ Ալիք Ալեքսանեան (հայերէն), իրենց սրտի խօսքը ներկայացուցին Քաթարինա Պէթէլ եւ Ալեքսան Խարիբեան։ Յուզումնալից արարողութեան աւարտին, ծնողք, աշակերտ եւ դաստիարակ, հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ վերադարձան տուն, կրկին հանդիպելու յաջորդ Կիրակի, աւարտական պաշտօնական հանդիսութեան, 13 Յունիսին, վարժարանի «Դանիէլեան» սրահէն ներս, ուր շրջանաւարտները, 11 տարիներու աշխատանքէ, նախապատրաստութենէ ետք, լիցքաւորուած անհրաժեշտ գիտելիքներով, սպառազինուած ազգային կրօնական դաստիարակութեամբ՝ հրաժեշտ պիտի տային ու մեկնէին դէպի նոր միջավայրեր:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Սարոյեան, վարժարանի քոյրերը, դաստիարակներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Արտասանուեցան պաշտօնական խօսքեր՝ անգլերէնով եւ հայերէնով, տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի եւ դաստիարակներ Լինտա Գանտիլեանի ու Անդրանիկ Պօղիկեանի կողմէ, իսկ աշակերտութեան անունով սրտի խօսք արտասանեցին Մէրի Նաճարեան (հայերէն) եւ Մարալ Պոյաճեան (անգլերէն)։ Օրուան հիւր պատգամաբերն էր Մէրի Նաճարեանը, որ իր կեանքի օրինակով, պատգամ տուաւ շրջանաւարտներուն՝ յորդորելով զանոնք, որ միշտ ունենան իրենց երազը եւ զայն յաջողցնեն աշխատանքով եւ հաւատքով։
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայերէն եւ անգլերէն ոտանաւորներով, խմբերգներով, որոնց ընթացքին դաշնամուրի վրայ կ՛ընկերակցէր երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանը։ Յայտագիրը ճոխացուցին Մարալ Պոյաճեանը եւ Քաթարինա Պէթէլը, դաշնամուրի վրայ անոնց հայկական եւ օտար դասական երաժշտական կատարումներով, որոնց գլուխ գործոցը եղաւ Մէրի Նաճարեանի եւ ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի ներկայացուցած «տուէթ»ը։
Հանդիսութեան աւարտին, շրջանաւարտները իրենց վկայականները եւ մրցանակները ստանձնելէ ետք, Արմինէ Շէրիկեան շրջանաւարտները ներկայացուց իբրեւ 2009ի աւարտական դասարան, եւ ներկաներու ծափողջոյններու եւ ուրախութեան արտայայտութիւններով աշակերտները մէկ կողմ նետեցին իրենց գլխարկները ու հեռացան սրահէն, մինչ «Վերջին զանգը»ի երաժշտութեան արձագանգը տակաւին կը յամենար դպրոցի պատերէն ներս։ Անոնք իրենց շրջանաւարտի գլխարկները մէկ կողմ թողած՝ պիտի ուղղուին դէպի աղբիւրը լոյսի։ Այսպիսով, 19 շրջանաւարտներու ուսումնական ուղեւորութիւնը վերջ գտաւ Անտոն վրդ. Սարոյեանի եւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Թաշճեանի «Պահպանի»չով։
Երեկոն շարունակուեցաւ «Ուրարտու» ճաշասրահին մէջ, շրջանաւարտներու եւ ծնողներու ուրախութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին։
Կը շնորհաւորենք եւ կը գնահատենք բոլոր ծնողները եւ դաստիարակները, որոնք իրենց համագործակցութեամբ անգամ մը եւս կրցան պատրաստուած խումբ մը հայորդիներ սլացնել դէպի տարբեր երկրորդական վարժարաններ։
Կը շնորհաւորենք բոլոր շրջանաւարտները, կը մաղթենք բարի երթ ու նորանոր նուաճումներ յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին համար, յարատեւ եւ աննկուն կամք՝ հասնելու կատարեալին։