ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանի վկայականներու բաշխման եւ ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 20ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ:
Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Շրջանաւարտները թափօրով մուտք գործեցին սրահէն ներս, սրբազան հայրը կատարեց բացման աղօթքը, ապա երգուեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները:
Մանկապարտէզի աշակերտ-աշակերտուհիները յաջորդաբար արտասանեցին «Իմ Հայոց Երկիր», «Մեր Դպրոցում», «Մեր Տան Մէջ» եւ «When I Strated Kindergarten», «If I were a Butterfly» կտորները:
Բացման խօսքը կատարեցին Ե. կարգէն ուսանողներ Նովա եւ Թալին Նազարեաններ: Ապա «Հայ Մամիկին Աղօթքը» արտասանեցին Ե. դասարանի աշակերտները: Ուսուցիչներու խօսքը ուղղեց Քլէր Ղազարեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը Ե. կարգին:
Հայկական պարով հանդէս եկան Մանկապարտէզի աշակերտները, իսկ յիշատակի լուսանկարները սահիկներով ներկայացուցին Ը. կարգի աշակերտները:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը Մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն, որմէ ետք Փաթիլ Քարաքաշեան կարդաց իր ուղերձը եւ Ը. կարգի աշակերտները արտասանեցին Յովհաննէս Շիրազի «Կտակ»ը:
Վարժարանի Խնամակալ մարմինի ատենապետ Յարութիւն Հիլալեան իր խօսքը ուղղեց աշակերտութեան եւ ծնողներուն. անոր յաջորդեց վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեանին խօսքը՝ ուղղուած շրջանաւարտներուն, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ ծնողներուն:
Փակման խօսքը կատարեց սրբազան հայրը՝ գնահատելով տնօրէնութեան, Խնամակալ մարմինին եւ ուսուցչական կազմին նուիրեալ ծառայութիւնները: Ան շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները՝ յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ վարժարանը լուսատու փարոս եւ առաքելութիւն մըն է, որ մեր առջեւ կը բանայ ճանապարհը ապագայի յաջողութիւններուն: «Վարժարանին մէջ աշակերտները կը գիտակցին իրենց ինքնութեան եւ կը թրծուին հայկական ոգիով», նշեց սրբազան հայրը, որուն փակման աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը: