ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ գրականութիւնը այլ լեզուներով եւ արտասահմանեան գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու նպատակով, այս տարի Հայաստանի պետական ամավարկէն պիտի յատկացուի 13 միլիոն 409.0 հազար դրամ: Ըստ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հրատարակչական գործի բաժնի պետ Սէյրանուհի Գեղամեանի, կը նախատեսի հայերէնէ այլ լեզուներու թարգմանել 7 գիրք: Իսկ այլ լեզուներէ հայերէնի պիտի թարգմանուի 9 գիրք:
Ս. Գեղամեանի խօսքով, այսօր յատկապէս մեծ պահանջք կայ հայ գրականութիւնը ռուսերէնի թարգմանելու: Սակայն ոլորտի պատասխանատուները կը փորձեն այս խնդիրին մէջ կիրառել հաւասարութեան սկզբունքը՝ հայ գրականութիւնը ներկայացնելով նաեւ անգլերէնով, ֆրանսերէնով, յունարէնով, պարսկերէնով եւ այլն: