ՊԱՔՈՒ.- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Երկուշաբթի օր աշխատանգային միօրեայ այցելութեամբ մեկնած էր Պաքու, ուր հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Ատրպեճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երկու կողմերուն միջեւ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ալիեւ ըսած է, թէ «Մոսկուայի յայտարարութիւնը ճշգրիտ կերպով կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման սկզբունքները։ Բոլորը տեղեակ են ներկայ պայմաններու պարագային միջազգային օրէնքի սկզբունքներէն։ Մենք կը հիմնուինք միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումներուն վրայ եւ անշուշտ ամէնէն ազդեցիկ միջազգային կազմակերպութեան՝ ՄԱԿի որոշումին վրայ»։
Ան նշեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղէն հայկական ուժերու անմիջական հեռացումը պահանջող չորս որոշումներ որդեգրած է եւ ըսաւ, որ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ, ինչպէս ԵԱՀԿը, եւս նոյնպիսի որոշումներ որդեգրած են։
Ալիեւ ըսաւ, որ «ԵԱՀԿի Լիզպոնի գերաստիճանի որոշումը դեռ ի զօրու է։ Անշուշտ տագնապը պէտք է լուծուի այդ սկզբունքներուն հիմամբ։ Հողային ամբողջականութեան սկզբունքը անբռնաբարելի է։ Ինչ կը վերաբերի ազգերու ինքնորոշման, ատիկա կրնայ իրականանալ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մէջ»։
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ եւս յայտնեց, որ համաձայն է այն գաղափարին հետ, թէ այսպիսի հարցեր կրնան միայն միջազգային օրէնքներու հիմամբ լուծուիլ։ Մետւետեւ ըսաւ. «Հիմքը ծանօթ է։ Հարցը քաղաքակիրթ մարդոց կողմէ մշակուած միջազգային օրէնքի հասարակաց սկզբունքներու, եւ անշուշտ գլխաւոր միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար ՄԱԿի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերաբերեալ որոշումներուն մասին է։ Իմ կարծիքով, հարցը այդ որոշումներուն գոյութիւնը չէ. ոչ ոք կը հերքէ, թէ այդ սկզբունքները գոյութիւն ունին։ Հարցը այն է, թէ կողմերը պէտք է պատրաստ ըլլան բոլոր հարցերը այս պարունակին մէջ քննելու եւ տանգապը լուծեն հիմնական սկզբունքներու վրայ՝ չմտածելով այլ կէտերու մասին։ Ատիկա մեզ կը քաջալերէ բարդ եւ բաւարար չափով երկարաձգուած տագնապի լուծման դէպի յառաջ նայելու։
«Ս. Փեթերզպուրկի մէջ վերջին հանդիպումը ցոյց տուաւ, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան պատրաստ են տարբեր հարցերու վերաբերեալ տարակարծութիւնները լուծելու եւ յառաջդիմութիւն արձանագրելու։ Մօտիկ ապագային տագնապը լուծելու բոլոր առիթները կան, եւ Ռուսիա այլ երկիրներու հետ միասնաբար պիտի գործէ տագնապին առաւելագոյն պիտանի լուծման հասնելու»։
Յիշեցնենք, որ երկու հանդիպումէն ետք ստորագրուած է «Ատրպեճանական կազի առաքման եւ վաճառքի հիմնական պայմանները» խորագիրով փաստաթուղթ մը։
Ռուսական «Քոմերսաթ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Ռուսիա պատրաստ է Ատրպէյճանէն կազ գնելու՝ հազար խորանարդ մեթրը մրցանշային 350 տոլարի գինով։ Կը հաղորդուի, որ արեւմուտքի զօրակցութիւնը վայելող կազի փոխադրման «Նապուքօ» խողովակաշարի կառուցման վերաբերեալ միջկառավարական համաձայնագիրը կրնայ յետաձգուիլ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.