ՀՌՈՄ.- Երեքշաբթի օր 13 զոհ եւ 36 վիրաւոր արձանագրուեցան, երբ հեղուկ կազ փոխադրող շոգեկառք մը, մինչ հիւսիսային Իտալիոյ Թոսքանիա շրջանին մէկ ծովեզերեայ բաժինին մէջ բնակարաններու մօտէն կ՛անցնէր, գիշերանց իր գնացքէն դուրս եկաւ եւ պայթեցաւ։
Հռոմէն 350 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Վիարէճիօ գիւղի շոգեկառքի կայարանին մօտ պատահած պայթումէն ետք շուրջ հազար անձեր Երկուշաբթի կէս գիշերին փոխադրուեցան աւելի ապահով վայրեր։
Հրշէջներ ամբողջ գիշեր պայքարեցան պայթումէն յառաջացած հրդեհին դէմ։ Հրդեհը տարածուեցաւ գիւղի թաղերուն մէջ՝ հրկիզելով ինքնաշարժեր եւ մօտակայ շէնքեր։
Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ զոհերուն շարքին են առնուազն երկու մանուկներ։ «Անսա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մօտակայ երկու շէնքեր փուլ եկած են։
Իտալիոյ երկաթուղագիծերու պետական ընկերութիւնը յայտնեց, որ շոգեկառքի վակոններէն մէկը, գնացքէն դուրս գալով՝ չորս այլ վակոններ եւս տապալած է։ Հեղուկ կազը բախուստ տուած է վակոններէն մէկուն վրայ գտնուող ընդունարանէն եւ կրակ առած է։