ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Արմէնփրէս».- Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւրոպացի իրաւասու մը «Լոս Անճելըս» թերթի թղթակիցին յայտնած է, թէ ««Քայիտա»ի կազմին մէջ վարժում ստանալու համար Փաքիստան ժամանող թուրքերուն թիւը վերջին 2 տարուան ընթացքին խիստ աճած է»:
Ան աւելցուցած է, թէ Գերմանիոյ նման թրքաբնակ երկիրներու մէջ այդ իրավիճակը մեծ վտանգներ կրնայ ստեղծել, եւ իր ազդեցութիւնը կրնայ ձգել նաեւ Թուրքիոյ վրայ: Հետզհետէ թուրքերը կը թեքուին դէպի իսլամական ծայրայեղութիւն:
Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի նաեւ, թէ մինչեւ վերջերս, «Քայիտա» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հիմնականօրէն կը յենէր արաբներուն վրայ, սակայն, այդ իրավիճակը արդէն կը փոխուի՝ անոնց շարքերուն մէջ թուրքերուն թիւի աճումին շնորհիւ:
Թերթը մէջբերած է «Քայիտա»ի գործողութիւններու առաջնորդ Մուսթաֆա Ապու Եազիտի՝ «Թուրքիոյ մահմետականները մեր եղբայրներն են» ուղերձը, նշելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասնագէտները այդ ուղերձը գնահատած են իբրեւ՝ «Իսլամական ծայրայեղութեան կառուցուածքի փոփոխութեան մէջ գտնուելու վերջին ազդանշանը»:
Թերթի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, ամերիկացի խորհրդական Էվան Քոհլման ըսած է. «Արտասահմանի մէջ գտնուող թրքական խմբաւորումներէն բխող քարոզչական նիւթը հասած է «Քայիտա»ին ունեցած մակարդակին»:
«Սպառնալիքը կը խտանայ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի նման թրքաբնակ երկիրներու մէջ», աւելցուցած է ան։
Թերթը մէջբերած է Ուաշինկթընի «Հատսըն» հիմնարկի, ծագումով թուրք մասնագէտ Զէյնօ Պարանի գնահատականը այն մասին, թէ «Քայիտա»ն եւ անոր նման խումբեր կը կարծեն, որ՝ «Իրենց համար թրքական կառավարութեան՝ իսլամական գաղափարախօսութեան հարցին շուրջ խօսելու ցանկութիւնը, Թուրքիոյ եւ թուրքերուն միջեւ ծագած նոր միտում է»:
Թերթը գրած է, որ «Քայիտա»ի ճամբարներուն մէջ ուսումնառութիւն անցուցած եւ ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած Ուալիտ Օսման յայտարարած է, թէ հոն, «թուրքի մը հրամանատարութեամբ 1-1.2 հազար թուրքերէ բաղկացած խումբ կը գործէ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.