ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ազնիւ, հմայիչ, համակրելի կին է Մէրի Եովանովիչը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Հայաստանի մէջ: Այսպէս տպաւորուած էին անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան անոր հետ հանդիպած մարդիկ, համայնքիս իր տուած այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցած բոլոր ձեռնարկներուն ընթացքին:
Այդ յատկանիշները, սակայն, քաղաքական բնութագրումներ չեն. քաղաքական դէմքի մը այցելութեան գնահատումը՝ անոր ելոյթներուն, մեզ յուզող հարցերու պատասխաններուն ընդմէջէն է, որ պիտի կատարուի:
Այդ տեսկէտէն, կարելի է հաստատել, որ համայնքը ընդհանրապէս յուսախաբ մնաց դեսպան Եովանովիչի պատասխաններէն: Մեր ստացած գրաւոր ու բանաւոր բոլոր տպաւորութիւնները ամփոփելով՝ կարելի է հետեւեալ եզրակացութիւնները արձանագրել.
Դեսպան Եովանովիչ իր բոլոր ելոյթներուն ու պատասխաններուն մէջ, հետեւելով ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան որդեգրած վարքագիծին՝ խուսափեցաւ, մերժեց օգտագործել Ցեղասպանութիւն եզրը եւ փորձեց համոզել այս վարքագիծէն ընդվզած ամերիկահայ ունկնդիրները, թէ նախագահ Օպաման այդ ծիրին մէջ քայլ մը առաջ գացած է՝ «Մեծ Եղեռն» բառերու օգտագործումով: Ոեւէ մէկը, անշուշտ, չհամոզուեցաւ: Ոչ ալ անշուշտ կրնար բաւարարուիլ դեսպանի ներողամտութիւն հայցող խօսքերով կամ ակնարկներով: Այս հարցի կարեւորութիւնն ու ռազմավարական նշանակութիւնը համայն հայութեան համար միշտ ալ թերագնահատուած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորող յաջորդական նախագահներուն կողմէ, միշտ ալ անտեսուած են այս հարցի համակողմանի քննարկման մեր պահանջները՝ այդ տարածաշրջանի ուժերու յարաբերութեանց եւ Ամերիկայի ազգային ապահովութեան շահերու աւելի խորունկ ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ:
Նախագահ Օպամայի պարագային, իրապէս մեծ էր ամերիկահայերուն ակնկալութիւնը, որ ան իր խոստումը յարգող քաղաքական գործիչ ու ղեկավար պիտի դառնայ: Այդ էր անոր ընտրապայքարին ընթացքին արտասանուած նշանախօսերու ու լօզունգներու պատգամը: Դրժելով իր խոստումը՝ նախագահ Օպամա իր փոխանցած պատգամն է, որ կասկածի տակ կը դնէ՝ իր ամբողջութեան մէջ: Դեսպանին մտիկ ընողները այդ գնահատումը փոխանցեցին իրեն:
Դեսպան Եովանովիչ փորձեց սիրաշահիլ համայնքը՝ ներկայացնելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայաստանին կատարած տնտեսական օժանդակութիւնները, շեշտելով ԱՄՆի մտահոգութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ու փտախտի դէմ պայքարի առնչուող դժուարութեանց ուղղութեամբ: Շնորհակալ ենք ու իբրեւ ամերիկեան քաղաքացիներ շատ աւելին կ՛ակնկալենք մեր տուրքերը տնօրինող կառավարութենէն: Նաեւ, յուսախաբ ենք, որ մեր կողմէ այնքան համակրանք ու նեցուկ տեսած նախագահ Օպամա, նոյնիսկ հաւասար մօտեցում չէ ուզած ցուցաբերել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այլ ընդհակառակը, Քոնկրէսին առաջարկեց Հայաստանի բաժինը պակսեցնել, իսկ Ատրպէյճանինը՝ աւելցնել: Չենք կարծեր, որ դեսպանը կրնար ակնկալել, թէ համայնքը կրնար մարսել այս ուղղութեամբ տրուած որեւէ բացատրութիւն կամ արդարացում:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին գծով դեսպանին գնահատումը ե՛ւս մակերեսային ու միակողմանի ըլլալով՝ համայնքը վերապահութեամբ ընդունեց զայն ու իր առարկութիւնները, մտահոգութիւններն ու պահանջները փոխանցեց Եովանովիչին:
Այս հանդիպումներուն մէջ անշուշտ ամէնէն դրական երեւոյթը այն եղաւ, որ ԱՄՆի կառավարութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ, հաղորդակից եղաւ ամերիկահայութեան կարծիքներուն, դիրքորոշումներուն ու գնահատումներուն, եւ գոնէ հրապարակայնօրէն խոստացաւ զանոնք հարազատօրէն փոխացնել իր ղեկավարներուն՝ առ ի քննարկում:
Վերատեսութեան պիտի ենթարկե՞ն ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուները իրենց դիրքորոշումները: Միամիտ չենք, որ հաւատանք, որ այսպիսի հանդիպումներ բաւարար են փոխելու համար կարծրացած քաղաքական ուղեգիծեր:
Մենք մեր համայնքէն ներս, մեր ստեղծած կառոյցներով քաղաքական հետեւողական ու լայն աշխատանք պիտի շարունակենք տանիլ, մինչեւ որ հասնինք այն մակարդակին, որ կարենանք մեր պատգամը համոզիչ ձեւով փոխանցել ԱՄՆի գործադիր իշխանաւորներուն:
Իսկ դեսպանը գնահատելու համար, մենք պարտաւոր ենք նկատի առնել այդ պաշտօնը գրաւած մէկ այլ անձնաւորութեան ստեղծած նախընթացը, խիզախ կեցուածքը նախկին դեսպան Ճան Էվընզի, որ առանց դաւաճանելու իր երկրի պետական շահերուն, առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու իր երկրի յայտարարած արդարութեան եւ ճշմարտութեան սկզբունքներու պաշտպանն ու ջատագովը ըլլալու յաւակնութիւնը, հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կատարած յանցագործութիւնը հրապարակաւ կոչած էր իր անունով՝ Ցեղասպանութեամբ:
Այս չափանիշով, դեսպան Եովանովիչի գնահատականը միանշանակօրէն անբաւարար կը դառնայ: