ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ գործող նախագահ Տօրա Պաքոյանիսի հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին, Յուլիս 3ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան անդրադառնալով Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի «Թուրքիան հաւատարիմ է Հայաստանի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները իրականացնելու ուղղութեամբ» յայտարարութեան՝ յայտնած է. «Եթէ Թուրքիան պատրաստ է իրականացնելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ապա կարելի է միայն ողջունել: Մենք սպասում ենք գործնական քայլերի»։
«Կարելի է միայն ողջունել Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարի նման յայտարարութիւնը, քանի որ Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնն է՝ կարգաւորել յարաբերութիւնները, բացել սահմանները Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ առանց նախապայմանների», աւելցուցած է Է. Նալբանդեան:
Նախարարը նշած է նաեւ, որ առկայ են երկկողմանի ոչ միայն երկխօսութիւն, այլ լուրջ բանակցութիւններ, որոնց նոր շրջանը սկսած է նախորդ Սեպտեմբերին, իսկ այս տարուան գարնան, կողմերը հասած են որոշ պայմանաւորուածութեան: Նախապէս Թուրքիան նախապայմաններ կ՛առաջադրէր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին առնչութեամբ: