ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Միացեալ Նահանգները Ղարաբաղեան հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման յոյս ունի: Ըստ «Թրենտ» գործակալութեան, այդ մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Կորտըն:
«Մօտ օրերս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի այցելելեն տարածաշրջան, եւ մենք կը սպասենք, որ Ալիեւ-Սարգսեան հերթական հանդիպման արդիւնքները դրական ըլլան: Յոյսով եմ որ մօտ ժամանակներս յառաջընթաց պիտի գրանցուի, ինչ որ շատ կարեւոր է մեզի համար», ըսած է Ֆ. Կորտըն:
ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն Յուլիս 8-9ին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպումը նախապատրաստելու նպատակով: Ֆ. Կորտընի խօսքերով, ԱՄՆ բոլոր հնարաւոր միջոցներով պատրաստ է օգնելու կողմերուն: Ան նշած է, որ թէեւ հարցի կարգաւորման ճշգրիտ ժամկէտներ հնարաւոր չէ սահմանել, սակայն վերջին շրջանին որոշ յառաջընթաց կայ, եւ բոլորն ալ հակամարտութեան կարգաւորումէն պիտի շահին: