ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տօրա Պաքոյանիս Յուլիս 3ին կոչ ըրած է Հայաստանին օգտագործելու այն դրական հնարաւորութիւնը, որ ձեռք բերուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ՝ կարեւոր համարելով նաեւ ընթացող ժողովրդավարական բարեփոխումները երկրին մէջ:
Ըստ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակին տուած տեղեկութեան, Տ. Պաքոյանիս նշած է, որ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր, երկու կողմերը բարձր մակարդակով կառուցողական մասնակցութիւն ունեցած են բանակցութիւններու նոր փուլին գծով, իսկ բանակցութիւնները ներկայիս վճռորոշ փուլի մէջ են:
Նշենք, որ այցի ընթացքին Տ. Պաքոյանիս հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավար Բակօ Սահակեանի, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ներառեալ՝ ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրէսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի:
ԵԱՀԿ գործող նախագահը Յուլիս 1ին եւ 2ին կը գտնուէր Պաքու՝ բանակցութիւններ վարելու համար Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ: