ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Ամերիկահայ գործարար Նազարէթ Յակոբ Պէրպէրեանի սպանութեան համար, կալանաւորուած անձէն բացի, կան նաեւ հետախուզուողներ։
Ոստիկանապետի տեղակալ, քննչական գլխաւոր վարչութեան պետ Գագիկ Համբարձումեան Շաբաթ, 4 Յուլիսին, հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին հաստատած է այն տեղեկութիւնը, որ նշեալ գործին հետ կապուած երկու հետախուզուողներ կան։ Յիշեցնենք, որ «Լիլ-Նար» ՓԲԸ տնօրէն, ԱՄՆ քաղաքացի Նազարէթ Պէրպէրան Ապրիլ 25ի երեկոյեան դուրս եկած էր իր բնակարանէն եւ այլեւս չէր վերադարձած: Անոր ինքնաշարժը յայտնաբերուած էր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ: Մօտ 20 օր անց, Երեւան-Սեւան մայրուղիի ճամբեզրի ձորակին մէջ, իրաւապահներ յայտնաբերած էին գործարարին դիակը:
Պէրպէրեանը սպաննելու մեղադրանքով ձերբակալուած է անոր ընկերը՝ Պետրոս Թեմիրեանը, ծնած 1974ին։
«Ի հարկէ, միջոցներ ձեռնարկւում են յանցագործներին յայտնաբերելու ուղղութեամբ», յայտնած է փոխոստիկանապետը՝ նշելով, որ թէեւ յանցագործութեան դրդապատճառներուն «հիմնական մասը ճշդուած է», այնուամենայնիւ, քննութիւնը կը շարունակուի նաեւ «դրդապատճառների բացայայտման գծով»:
Կեդրոնի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեանի երկու շաբաթ առաջ կատարած յայտարարութեան համաձայն, «Սպանութիւնը Նազարէթ Պէրպէրեանի պիզնէսի հետ կապ չի ունեցել, այն ուղիղ կապուած է եղել գործարարի բնակարանում առկայ թանկարժէք իրերին եւ գումարին տիրանալու հետ»:
Պէրպէրեանի բնակարանէն թալանուած իրերուն ընդհանուր արժէքը շուրջ 10 հազար տոլար է:
Ոստիկանութեան պետի տեղակալ Գագիկ Համբարձումեանի հաւաստոմով, հետախուզուողները անպայման պիտի յայտնաբերուին ու պատասխանատուութեան ենթարկուին։