ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ, Շաբաթ, 4 Յուլիսին տեղի ունեցաւ միութեան 15րդ համագումարը: Նախքան նիստին բացումը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նախորդ համագումարէն ետք մահացած միութեան 36 անդամներուն յիշատակը:
Համագումարին օրակարգը հաստատուելէ ետք, հրապարակուեցաւ համագումարին ուղղուած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքը, ուր ան կը գնահատէր հայ գրականութեան հայրենի ջոկատի աշխատանքը եւ վերջին տարիներուն անոր եռանդուն գործունէութիւնը։ Նախագահը կը հաւաստէր, թէ գրողներու միութիւնը պիտի ունենայ պետական աջակցութիւն:
Հրապարակուեցան նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, Լիբանանի հայ գրողներու համախմբման, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի ողջոյնները:
ՀԳՄ գործունէութեան համառօտ հաշուետու զեկոյցով հանդէս եկաւ ԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեանը՝ յայտարարելով, թէ 2005-2009ի գործունէութեան վերաբերեալ լոյս տեսած է ամփոփիչ գիրք մը:
Զեկուցման շուրջ ծաւալեցաւ միտքերու փոխանակում, որուն մասնակցեցան արձակագիր Հրաչեայ Մաթեւոսեան, ԼՂՀ գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան, բանաստեղծներ Արեւշատ Աւագեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, ՀԳՄ Շիրակի բաժանմունքի ղեկավար Անդրանիկ Կարապետեան եւ ուրիշներ:
Օրուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցան ՀԳՄ ղեկավար կազմի ընտրութիւնները, որուն իբրեւ արդիւնք՝ 197 ձայնով ՀԳՄ նախագահ վերընտրուեցաւ Լեւոն Անանեանը: