ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէին տրամադրած բեռնամաքսային յայտարարագիրներուն տուեալներով, այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն մարդասիրական օգնութեան կարգով Հայաստան ներմուծուած է 4.5 միլիոն թոն ապրանք:
Ըստ Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուած տեղեկութեան, ներմուծուած ապրանքներուն ընդհանուր արժէքը 5 միլիառ 409.0 միլիոն դրամ կամ 15.2 միլիոն տոլար է:
Ստացուած օգնութեան 29 տոկոսը կազմած են սարքերը եւ գործիքները, 19.5 տոկոսը՝ քիմիական եւ արդիւնաբերութեան ճիւղերու ապրանքներ, 13.5 տոկոսը՝ հանքահումքային արտադրանքը, 11.8 տոկոսը՝ մանածագործական իրեր, իսկ 26.2 տոկոսը՝ մնացած ապրանքները: