ՊՈԼԻՍ.- Անցեալ Շաբաթ օր հայ լրագրող Հրանդ Տինքի մերձաւորները «Ալ կը բաւէ» խորագիրով յայտարարութիւն մը տարածած են անոր սպանութեան գործով դատավարութեան՝ Յուլիս 6ի նիստի նախաշեմին:
Ստորեւ կը հրատարակենք սոյն յայտարարութիւնը՝ ամբողջութեամբ: Նշենք, որ յայտարարութիւնը հրապարակուած է հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով:
Լման երկուուկէս տարի անցաւ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն ասդին: Երկուշաբթի, 6 Յուլիսին, պիտի կայանայ դատավարութեան 10րդ նիստը: Այսօր հասած ենք այն իրողութեան թէ անելի մատնուած է դատական ընթացքը, շնորհիւ իշխող «խորունկ կամքերու»: Կարելի չեղաւ դատարան բերել պետական այն պաշտօնեաները, որոնց պատասխանատուութիւնը եւ պաշտօնի թերացումը տեղի տուաւ այս ոճիրին: Եթէ յանցագործները միայն Սամաստը, Հայալը, Թունճէլն ու իրենց ընկերներն են, շուտով աւարտած կ՛ըլլար դատը: Կ՛երեւի թէ դատարանը խուսափելով հասարակութեան հակազդեցութենէն, կը նաըխնտրէ դատավարութիւնը երկարել ու ձգձգել: Անելէն ազատուելու միակ միջոցն է դատարանին ու պետութեան այս ուղղութեամբ ջանք վատնելը:
Վարչապետական քննիչ կազմի եւ պետական քննիչներու պատրաստած տեղեկագիրներուն մէջ պաշտօնի թերացումով մեղադրուած պետական պաշտօնեաներէն ոչ մէկուն դէմ դատական գործողութիւն կատարուած է: Ոճիրի թուականին Տրապիզոնի ապահովութեան տնօրէն Րամազան Աքէիւրէք պաշտօնակոչուեցաւ որպէս լրատուութեան բաժնի նախագահ, եւ այսպիսով անկարելի դարձաւ դէպքին մութ երեսակները լուսաբանել:
Յայտնաբերուած էր Մուհիտտին Զէնիթ անուն ոստիկանի հեռախօսային զրոյցը, որ ոճիրէն կէս ժամ ետք կատարած էր Էրհան Թունճէլի հետ: Զէնիթ սպանութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն տեղեակ էր: Ան ալ նոր պաշտօնի կոչուեցաւ Աքէիւրէքի հրամանին ներքեւ: Գնդապետ Ալի Էօզ ոճիրէն 18 ամիսներ ետք, հազիւ ներկայացաւ դատարան եւ «չեմ յիշեր» պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Պետական քննիչներու տեղեկագրին մէջ ըսուած էր, թէ «ամենավար պաշտօնէն մինչեւ ամենաբարձրը, թերացած են իրենց պարտականութեան մէջ եւ պատասխանատու են Իսթանպուլի ապահովութեան ուժերուն համար»: Իսթանպուլի ապահովութեան տնօրէնը գնահատուեցաւ որպէս կուսակալ Օսմանիյէ քաղաքի: Նոյնպէս քննիչներու կարծիքով հարցաքննուելու արժանի նկատուող Իսթանպուլի ապահովութեան տնօրէնութեան լրատուական բաժնի վարիչ՝ Ահմէտ Իլհան Կիւլէր, կատարուած առարկութիւններով զերծ մնաց հարցաքննութենէ, եւ աւելի ետք փոխուեցաւ իր աշխատանքի վայրը: Վարչապետական քննիչները նախաքննութիւն պահանջած էին Տրապիզոնի ապահովութեան Գ. մասնաճիւղի տնօրէն Ալի Ֆուատ Էըլմազէրի համար: Ան ալ նշանակուեցաւ աւելի բարձր պաշտօնի մը Իսթանպուլի լրատուութեան մասնաճիւղի կազմին մէջ:
Հրանդ Տինքը Իսթանպուլի կուսակալութիւն հրաւիրող եւ հոն սպառնացող ՄԻԹի (Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան-Խմբ.) գործակալն ալ պաշտօնակոչուեցաւ Իզմիր: Փաստաբաններուն յիշեալ անձերուն հարցաքննութեան պահանջները ամէն անգամ մերժուեցան դատարանին կողմէ:
Դատավարութիւնը կ՛երկարի ու կ՛երկարի: Սակայն դատը իրականութեան մէջ տակաւին չէ սկսած իսկ, որքա՛ն ատեն որ դատարան չեն յայտնուիր Օկիւն Սամաստը, Էասին Հայալը, Էրհան Թունճէլը, Ահմէտ Իսկէնտէրը, Էրսին Էօլճուն եւ ընկերներուն ետին գործող տարրերը:
Մնացեալը, նիստերու ընթացքին թէ՛ ամբատանեալներուն եւ թէ իրենց փաստաբաններուն ցեղապաշտ յարձակումներուն ենթարկուող Տինք ընտանիքին եւ մեր տառապանքն է միայն:
Ա՛լ կը բաւէ, մի՛ տանջէք մեր խիղճերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.