ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ հովանաւորութեամբ ԼՂ հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Յուլիս 10-11ին Ստեփանակերտի մէջ պիտի կայանայ համահայկական խորհրդաժողով՝ «Արցախեան հիմնախնդիր» եւ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ» թեմաներով:
Յուլիս 6ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի տուած տեղեկութեան համաձայն, խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, ԼՂՀ եւ շուրջ 20 երկիրներ ներկայացնող հայազգի 120 քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ: Զեկոյցներով հանդէս պիտի գան ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը, ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ պատգամաւոր Արմէն Ռուսատմեանը եւ ուրիշներ:
Կ. Մանոյեանի խօսքով, խորհրդաժողովին պիտի արծարծուին հայ-թրքական եւ ԼՂ հակամարտութեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ հասարակութեան մտահոգութիւնները, իսկ Ղարաբաղը պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր տեսակէտները: «Հայ-թուրքական բանակցութիւնները գրեթէ սառեցուել են եւ բոլորն սպասում են քայլերի առաջին հերթին թուրքական կողմից», նշած է Կ. Մանոյեան:
Ըստ անոր, Արցախի հարցը պէտք է լուծուի երկկողմանի համարժէք փոխզիջումներու հիման վրայ: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատուն միաժամանակ չէ բացառած, որ այս տարի կողմերուն միջեւ ստորագրուի ԼՂ հակամարտութեան լուծման սկզբունքներուն շուրջ համաձայնագիր մը, որ հետագային պիտի վերածուի իրաւական փաստաթուղթի. գործընթացը, սակայն, ըստ անոր, կրնայ ըլլալ որ երկարի: «ՀՅԴ կողմ է, որպէսզի միանգամից կողմերի միջեւ ստորագրուի ամբողջական փաթեթով համաձայնագիր», յայտնած է Կ. Մանոյեան: