ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները ռուսական հեռատեսիլի կայանէն կը տագնապեցնեն մեզ:
Կայացած համաձայնութեան մը մասին կը խօսի Ալիեւ, ըստ որուն՝ Ատրպէյճանի գրեթէ բոլոր պահանջներուն ընթացք կը տրուի, իսկ հայկական ամէնէն հիմնական խնդիրը՝ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրաւական ամրագրման հարցը, կը յետաձգուի անորոշ ժամանակով: Այս յետաձգումն ալ կը ներկայացուի իբրեւ Ատրպէյճանի կողմէ մեծ զիջում:
Ալիեւ կը խօսի ազատագրուած տարածքներէն հայկական ուժերու քաշուելուն մասին, կը խօսի հինգ տարիէն Լաչինի ու Քարվաճառի Ատրպէյճանին վերադարձուելու մասին, դարձեալ իբրեւ զիջում՝ կը խօսի հինգ տարիէն Լաչինէն Հայաստանի հետ ցամաքային կապին մասին: Այս ամէնը կը ներկայացուին իբրեւ շատ մօտալուտ համաձայնութեան մը մասեր:
Առաւել տագնապեցնող է Ռուսիոյ հետ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան մշակած համագործակցութեան նոր վարքագիծի վկայակոչումը Ալիեւի կողմէ, յատկապէս ուժանիւթի տեղափոխման ոլորտին մէջ եւ մասնաւորաբար «Նապուքօ» ծրագիրի կապակցութեամբ ռուսական կեցուածքներուն մօտենալու տեսակէտէն:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է Մոսկուայի մէջ, եւ նկատի ունենալով Մոսկուայի ունեցած հսկայական լծակները Հայաստանի վրայ՝ Ալիեւի յայտարարութիւնները առաւել մտահոգիչ կը դառնան, մանաւանդ որ հայկական կողմէն, Հայաստանի նախագահի յայտարարութիւնները դարձեալ կը մնան անհամապատասխան ու անհամարժէք:
Արդարեւ, Կիպրոսի նախագահի Երեւան այցելութեան առթիւ գոյացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նախագահ Սարգսեան բաւարարուած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման հարցը առանցքային նկատելով ու հակամարտութեան լուծման որեւէ տարբերակ, առանց Ղարաբաղի ժողովուրդին հաւանութեան արժանացնելու՝ ընդունելի չգտնելու հաստատումով:
Դիւանագիտական լեզուով, նախագահ Սարգսեանի կեցուածքը պէտք է պաղ ջուր լեցնէ Ալիեւի լաւատեսութեան վրայ, եւ առնուազն հայկական կողմի դիրքորոշման մէջ շուտափոյթ լուծման մը շեշտի բացակայութիւնը պէտք է յուշէ անոր, թէ՝ պէտք է զգուշանայ իր ժողովուրդին յոյսերը այդքան բարձրացնելէ:
Այսուհանդերձ, ռուսական գործօնի ուղղութեան անորոշութիւնը եւ ատրպեճանական-ռուսական յարաբերութեանց զարգացման ընթացքը կ՛ահազանգեն արցախեան երկնակամարի մութ ամպերու կուտակման մասին: