ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու «առանց նախապայմանի» բնականոնացման առաջնորդելու կոչուած «ճանապարհային քարտէս»ի ստորագրումէն ի վեր, ոչ մէկ դրական յառաջխաղացք նկատելի է Հայաստանի համար:
Թրքական կողմը, արդէն իրականացուցած Ապրիլ 22ին ստորագրուած այդ համաձայնագրի առաջին նպատակը՝ ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Ապրիլ 24ին «Ցեղասպանութիւն» յղացքին շրջանցումն ու փոխարինումը «Մեծ Եղեռն» բանաձեւումով, բազմամակարդակ եւ բազմակողմանի քաղաքական, դիւանագիտական ու ապատեղեկատուական արշաւի դիմած է իր հանրային կարծիքին եւ դաշնակիցին՝ Ատրպէյճանին հանգստացնելու համար, որ յարաբերութիւններու բնականոնացման առաջին քայլը՝ սահմանի վերաբացումը, կը մնայ պայմանաւորուած՝
(ա) Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ի նպաստ Ատրպէյճանի կարգաւորումով,
(բ) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերէ հրաժարումով, եւ
(գ) Հայ-թրքական ներկայ սահմանագիծը պարտադրած 1921ի դաշնագիրի վաւերացումով:
Դէմ յանդիման թրքական այս արշաւին, որուն թիրախը, պարզ է, Սփիւռքի ազդեցութեան կտրուկ նուազումն ու չէզոքացումն է, պաշտօնական Երեւանը կը բաւարարուի վստահութիւն յայտնելով, որ բանակցութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են: Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իր արտգործոց նախարարը՝ Էդուարդ Նալբանդեանը, կը շարունակեն գործընթացը պահել կառավարութեան շատ սեղմ շրջանակի մը ոլորտին մէջ, եւ դիւանագիտական խորհրդապահութիւնն ու դարձդարձիկ, անյստակ ու երկիմաստ լեզուն համարել այսպէս կոչուած՝ «բարձր քաղաքականութեան» իմաստութիւն: Ինչ որ համայն հայ ժողովուրդէն, Հայաստան թէ Սփիւռք, անոնք կարծես թէ կը խնդրեն բայց խորքին մէջ հայ ժողովուրդին կը պարտադրեն, վստահութիւն ունենալ իրենց նկատմամբ: Վստահութիւն, թէ՝ մի՛շտ ալ պիտի պաշտպանեն հայութեան ազգային շահերը:
Ճիշդ է, Պետութիւնը, ի մասնաւորի երբ իրաւական է ու լեգիդիմ (օրինական-Խմբ.), ազգային շահի վերջնական մեկնաբանն է: Այդ մէկը, սակայն, չի նշանակեր, որ քուէն մեքենականօրէն կը վերածուի ամէն նախաձեռնութեան արտօնութեան, կամ օրուան իշխանութիւնները բացարձակ իրաւունքն ունին ազգային շահը մեկնաբանելու այնպէս, ինչպէս կը ցանկան իրենց սահմանադրական ժամանակաշրջանին: Նման տրամաբանութիւն նախ եւ առաջ կ՛ենթադրէ հանրապետական կարգի, երեք իշխանութիւններու բաժանման սկզբունքի անվաւերականութիւն, ապա նաեւ ընտրական գործընթացը, եթէ ոչ ժողովրդավարութեան հասկացողութիւնն ընդհանրապէս, կը սահմանափակուի պարբերական ընտրութիւններու ձեւականութեամբ:
Ազգային շահի մեկնաբանութեան հարցը մասնաւորաբար եզակի է հայ ժողովուրդին համար, նկատի ունենալով Սփիւռքի առկայութիւնը: Եւ եթէ նոյնիսկ Հայաստանի իշխանութիւնները Սփիւռքին զլանան նոյնիսկ բարոյական իրաւունքը՝ միջամուխ ըլլալու հայրենիքի ճակատագրին վրայ դոյզն ազդեցութիւն ունեցող որեւէ խնդիրի, ինչպէս եւ արդէն յաճախ, ուղղակի կամ անուղղակի կը հասկցնեն, սակայն Ցեղասպանութեան հարցով չե՛ն կրնար ինքնագլուխ որեւէ որոշում առնել:
Այսպէս, իրողութիւնն այն է, որ «ճանապարհային քարտէս»ի գաղտնի ծալքերուն, աւելի պարզ եւ մեկին՝ Ցեղասպանութեան հարցը քննարկման դնող յանձնաժողովի ստեղծման խնդիրին մասին կասկածները չեն փարատած հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններու հրապարակային հաւաստիքներուն: Դիւրին չէ մտահան ընել, պարզապէս մոռնալ, կամ անկարեւոր համարել Յունիս 2008ին Մոսկուայի մէջ նախագահ Սարգսեանի հրապարակային յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, երկու երկիրներու միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք կարելի է ամէն հարց, ներառեալ Ցեղասպանութիւնը, երկկողմանի յանձնաժողովներով քննարկել: Որքան ալ հետագային, ան եւ իր արտգործոց նախարարը, յայտարարած ըլլան, թէ նման տրամադրուածութիւն չկայ, եւ որքան ալ ուզենք բարեացակամ տրամադրուիլ եւ մտածել, թէ խորքին մէջ այդ նախադասութիւնը քաղաքական ճարպիկութիւն մըն էր օրին՝ թրքական ուշադրութիւնն ու շահագրգռուածութիւնը հրաւիրելու, այսօր թրքական ժխտումի քաղաքականութեան այդ գերագոյն զէնքը սեղանի վրայ դրուած է, եւ անոր կտրուկ հակազդեցութիւն չկայ Երեւանի կողմէ: Բանակցական գործընթացին մէջ ներգրաւուած պետական այրերուն կողմէ միայն հայ ժողովուրդի ուղղուած յայտարարութիւններ կ՛ըլլան, մինչ Ցեղասպանութեան յանձնաժողովին մասին յուշող նախաձեռնութիւնները, առայժմ յայտարարութիւններ միայն, կասեցնելու դիւանագիտական միջոցառում պարզապէս չկայ:
Այս մասին խօսուն է ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հայ-թրքական բանակցային գործընթացի դիւրացման համար նշանակուած բանագնաց Ֆիլ Կորտընի Յունիս 16ի մամլոյ ասուլիսին կատարած յայտարարութիւնը, որ բացայայտ դարձուց նաեւ Ցեղասպանութեան հարցը քննարկող միջ-պետական յանձնաժողով առաջացնելու տրամադրուածութիւնը «ճանապարհային քարտէս»ի սահմանման խօսակցութիւններուն մէջ: Այլ խօսքով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ՛ենթադրէ շարք մը հանգրուաններ, որոնք «ճանապարհային քարտէս»ի գործնական երեսը ցոյց պիտի տան, եւ այդ հանգրուաններէն մէկը, ըստ Կորտընի, Ցեղասպանութեան հարցի քննարկման յանձնաժողովի մը առաջացումն է:
Պէտք է շատ լաւ հասկնալ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը թաղելու համար Թուրքիա ոչ իսկ պէտք ունի նման յանձնաժողովի մը արդիւնքը իրեն ի նպաստ ենթադրելու: Ի սկզբանէ պարզ է, որ նման յանձնաժողով կամ եզրակացութեան պիտի չյանգի երբեք, որովհետեւ Թուրքիա երբե՛ք պիտի չընդունի Ցեղասպանութիւնը, կամ ալ, աւելի վատ, պիտի յանգի հայկական կողմի զիջումին: Բայց յանձնաժողովի ստեղծումն ինքնին թրքական յաղթանակն է: Չհամաձայնիլն ու հետագային յանձնաժողովը լուծարելը արդէն պիտի բացայայտէ, որ երկու կողմերը տարբեր կը մեկնաբանեն 1915ի իրադարձութիւնները, հետեւաբար ան պատմաբաններու խնդիր է, պատմաբանները իրենց ուզածին չափ թող վիճին, մենք կը շարունակենք պիզնէս ընել… Հայկական կողմը իր սեփական հանրային կարծիքին առջեւ կը մնայ զօրաւոր՝ յայտարարելով, որ չէ զիջած, բայց երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգէն Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրութիւնը իրողապէս հանուած կ՛ըլլայ (անշուշտ, շնորհիւ «առանց նախապայմաններու» սկզբունքին ձգողական յատկութեան, հարցը արդէն իսկ դրուած չէ…):
Ֆիլ Կորտընի կողմէ նման յայտարարութիւն մը կրկնակիօրէն մտահոգիչ է՝ տրուած ըլլալով իր մօտիկ անցեալի, եւ թերեւս նոյնիսկ ներկայի դերակատարութիւնը, իբրեւ թրքական լոպպիինկի առաջատար: Կորտըն այն անձերէն է որ ամէնէն աւելի դրամ առած է Անգարայէն, եւ Պրուքինկզ հաստատութենէն աշխատած է, որպէսզի Քոնկրէսը չանցընէ Ցեղասպանութեան մասին որեւէ օրէնք: Թէ նման անձնաւորութիւն մը պաշտօնապէս նշանակուած ըլլայ հայ-թրքական բանակցութիւններու դիւրացման համար, անշուշտ պատահականութեան արդիւնք չէ, անշուշտ ամէն մարդ քաջ կը գիտակցի, թէ բանակցութիւններուն մէջ որքա՛ն գերակշիռ է թրքական կողմը, որքա՛ն անոր է որ առաջնահերթութիւն կու տայ պետքարտուղարութիւնը: Եւ արդե՞օք պատահականութեան արդիւնք է, որ Կորտընի յայտարարութենէն առաջ, յանկարծ բացայայտ դարձաւ, թէ Ուաշինկթընի քաղաքականութեան այնքան յարմարուող Երեւանը տակաւին կը շարունակէ ենթակայ մնալ անոր ճնշումներուն, ի դիմաց արտաքին օժանդակութեան տոկոսի նուազեցման, որ, բարեբախտաբար, կարելի եղաւ շրջանցել Քոնկրէսին մէջ:
Հետեւաբար, նեղացնող, անյարմար եւ վստահաբար ոչ դիւանագիտական հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ. Երեւանն ինչո՞ւ պիտի ընդունի Ցեղասպանութիւնը ժխտող մը՝ իբրեւ բանագնաց հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիրով: Շա՞տ «անքաղաքակիրթ» պիտի ըլլար, եթէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակային կերպով գոնէ իր անհանգստութիւնը արտայայտէր այդ անձին նկատմամբ: Թէ՞ քաղաքական «անգրագիտութիւն» է նման հարց բարձրացնելը…
Աշխարհի մը մէջ, ուր ցեղասպաններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ ուրացողներու ներկայութիւնը անընդունելի գտնող պետական անձնաւորութիւններ կան եւ իրենց բարոյական կերպարով ուշադրութեան առարկայ կ՛ըլլան, շա՞տ է սպասել որ ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի մը պետութիւնը Կորտըններու դէմ կեցուածք ճշդէ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Հայաստան իր կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Ծիծեռնակաբերդ չէ այցելած: «Հայկական Ժամանակ» թերթին համաձայն, այդ արարողակարգին խախտումը Սուրիոյ նախագահին նախապայմանը եղած է Հայաստան այցելելու համար, եւ ըստ երեւոյթին, այդ մէկը ընդունած են Հայաստանի իշխանութիւնները: Կարեւոր չէ թէ «Հայկական Ժամանակ»ը ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշումը: Հայաստանի իշխանութիւնները քար լռութիւն պահած են միջադէպին շուրջ: Ի՛նչ ալ ըլլան հիւրին դրդապատճառները Ծիծեռնակաբերդը շրջանցելու, Հայաստանի իշխանութիւններու վերաբերմունքը կը բացայայտէ Ցեղասպանութեան հարցով զիջումներու երթալու պատրաստակամութիւն մը, որ կրնայ եւ առաջնորդել հարցի քննարկման համար յանձնաժողովի առաջարկի ընդունման: