ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ
Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ յստակացնել, թէ ես այսօր այստեղ պաշտօնական որեւէ հանգամանք չունիմ, այլ պարզապէս ՀԲԸ Միութեան հաւատաւոր անդամներէն մէկն եմ։ ՀԲԸ Միութեան Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ու կարեւորութիւն ունեցած է ոչ միայն ինծի, այլ իմ ընտանիքիս բոլոր պարագաներուն համար։ Համեստաբար ըսեմ, որ հիմնադրամ ալ հաստատած եմ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան համար։ Իմ հարազատներս շրջանաւարտ եղած են այս վարժարանէն, ոմանք եղած են ուսուցիչ, տնօրէն այս հաստատութեան մէջ։ Լաւատեղեակ եմ ու ծանօթ բոլոր մանրամասնութիւններուն եւ կ՛ուզեմ ճշմարտութիւնները բացայայտել ձեզի։
ՀԲԸ Միութեան Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակումին մասին երկար ժամանակ հեռատեսիլներէն եւ հայկական թերթերու մէջ անարդար եւ անճիշդ մեկնաբանութիւններ եւ տեղեկութիւններ տրուեցան։ Բարեկամներ հարցուցին, թէ ինչո՞ւ չէք պատասխաներ այս անարդար եւ անճիշդ բամբասանքներուն։
Հայկական որեւէ լուրջ կազմակերպութիւն չ՛արտօներ ինքնիրեն փողոց իջնել կամ պատասխաններ տալ անհատներու կամ խմբակցութեան մը, որոնք իրաւական որեւէ հանգամանք չունին։ Սակայն ՀԲԸ Միութեան պատկառելի Կեդրոնական վարչութիւնը իր պաշտօնական յայտարարութիւնը ըրաւ եւ պէտք եղած վերջնական բացատրութիւնը տուաւ առ ի գիտութիւն մեր ժողովուրդին։ Եթէ զգացումները կը գերիշխեն եւ ոչ թէ տրամաբանութիւնը եւ չեն ուզեր տեսնել իրողութիւնները, կարելի չըլլար տեսնել ազգային գերագոյն շահերը։ Ու չեն կրնար տեսնել նաեւ ճշմարիտը ու լաւագոյնը։
Չէ լսուած կամ տեսնուած, որ դպրոցի մը շրջանաւարտները որոշեն, թէ դպրոցի մը ապագան ի՛նչ պէտք է ըլլայ. օրինակ, Պէյրութի մէջ գոցուեցան 26 հայկական վարժարաններ, Փարիզի մէջ գոցուեցաւ Սամուէլ Մուրատեան Կաթողիկէ վարժարանը, Վենետիկի մէջ գոցուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Մուրատ Ռափայէլեան պատմական գիշերօթիկ վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած են Վահրամ Փափազեանը, Դանիէլ Վարուժանը եւ այլ հանճարներ։ Նոյնիսկ Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզին պիտի ծախուէր, եթէ ՀԲԸՄը նիւթական օգնութիւն չհասցնէր եւ չփրկէր այս պատմական վանքը։
Հայաստանի մէջ փակուեցան 100է աւելի վարժարաններ, բայց այս դպրոցներու շրջանաւարտներէն, որոնք նոյնքան կը սիրէին իրենց վարժարանները, որեւէ մէկը հրապարակ իջնելով չբողոքեց, չբողոքեցին նաեւ ուրիշներ։ Այսօր մէջտեղ ելած են մի քանիներ, որոնք իրենք զիրենք հայ դպրութեան պաշտպան հռչակած են։ Ինչո՞ւ չեն խօսիր միւս դպրոցներու փակումին մասին, եթէ իսկապէս իրենց մտահոգութիւնն է հայ լեզուն ու ժառանգութիւնը. բայց ո՜չ, զգացական, անտրամաբանական եւ անարդար կերպով յարձակման թիրախ դարձուցած են իրենց ուսում տուած հաստատութիւնը։ Արդեօք ի՞նչ թաքուն եւ շահամէտ նպատակներ կը հետապնդեն անոնք, եւ որո՞նց հաշւոյն՝ չենք գիտեր ու չենք ալ ուզեր գիտնալ։
ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական հաստատութիւնը անոնց բնակութիւն, կերակուր, հագուստ տուած է, ինչպէս հոգածու ծնողք մը, որպէսզի ուսում առնեն, տրամաբանող ու իրատես հայ մարդիկ ըլլան։
Կը հասկնանք անկեղծ Մելգոնեանցիներու զգացական ընդվզումները, որովհետեւ անոնք հոն ապրեցան իրենց պատանեկան ամէնէն անուշ ու յիշատակելի օրերը, ՀԲԸ Միութեան ընտանեկան ջերմ հոգածութեան տակ։ Կը հասկնանք նաեւ Կիպրոսի ՀԲԸՄի անդամներուն վրդովումը, որովհետեւ հաստատութիւնը իրենց երկրորդ տունն էր եւ իրենց ազգային գործունէութիւններուն հպարտութեան աղբիւրը։ Իրաւունք ունին տեսակէտներու տարբերութիւններ ունենալու, բայց իրենց անհամաձայնութիւնները քաղաքակիրթ կերպով պէտք է ներկայացնէին ու շինիչ առաջարկներ ընէին վարչութեան, եթէ ունէին, առանց իրենց տեսակէտները պարտադրել փորձելու, հսկայ գումարներ վատնելու դատարաններու մէջ եւ անարգելու պատկառելի հայկական կազմակերպութիւնը։
ՀԲԸՄը 103 տարիներ շարունակ անաղմուկ ծառայած է մեր ժողովուրդի ֆիզիքական, մշակութային, տնտեսական եւ կրթական բարելաւումին համար: ՀԲԸՄը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մեծագոյն բարերարը։
Մեր ղեկավարութիւնը խոհեմութիւնը եւ հեռատեսութիւնը ունի ճարտարօրէն ծրագրելու ու պատշաճեցնելու իր ծրագիրները ու գործունէութիւնները՝ գոհացում տալու համար արդի ժամանակներու պահանջներուն ու պայմաններուն։
Մեր միութիւնը դպրոցաշէն, մշակոյթի եւ երիտասարդական կեդրոններ հիմնող կազմակերպութիւն մըն է, եւ ուր որ դպրոցի կարիքը զգացուի, հոն դպրոցներ կը հաստատէ։ Բայց եթէ կան գաղութներ եւ դպրոցներ, որոնք իրենց առաքելութիւնը լիովին չեն արդարացներ, մեր միութիւնը առաջնորդուած հայութեան ընդհանրական եւ գերագոյն շահերէն կը փոխարինէ զանոնք աւելի ազգօգուտ հայակերտումի ծրագիրներով, գիտական ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուելով։
Մեր միութիւնը տարեկան կը ծախսէ 36 միլիոն տոլար պահելու համար մեր մշակոյթը, հայ ազգային ժառանգութիւնը, նոր սերունդին մէջ մշակելու հայկական դիմագիծը եւ գիտակցութիւնը. Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հայ ժողովուրդին բազմաթիւ կենսական ծրագիրներուն համար 150 միլիոն տոլարէ աւելի դրամ յատկացուցած է. չեմ ուզեր աւելի մանրամասնութիւններու մէջ մտնել, ժամանակի սղութեան պատճառաւ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Մելգոնեան կրթական հաստատութեան բոլոր շրջանաւարտներուն հանդէպ համակրանք եւ յարգանք ունի, որովհետեւ անոնք իր հովանիին տակ դաստիարակուած, սնունդ առած եւ մեծցած են։ ՀԲԸՄը կը հաւատայ, որ անոնք պիտի մնան երախտապարտ, յարգալիր եւ հաւատարիմ իրենց ստացած դաստիարակութեան, լաւագոյնը պիտի ընեն ծառայելով հայրենիքին եւ հայակերտումի սրբազան առաքելութեան։ ՀԲԸ Միութեան Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտներուն լուռ մեծամասնութիւնը աշխարհի զանազան գաղութներու մէջ բնակող, կը դատապարտեն այս անպատասխանատու մոլորեալ աղմկարարները ու կը բաժնեն Կեդրոնական վարչութեան մտահոգութիւնները եւ թիկունք կը կանգնին անոր հեռատես ու ազգանպաստ որոշումին։
Եւ ահա, ցաւալիօրէն քանի մը ինքնակոչ անհատներ հեռատեսիլներու կայաններէն յայտարարեցին, թէ ինչպէ՛ս Դաւիթը տապալեց Գողիաթը՝ իրենք ալ այդպէս պիտի տապալեն ու կործանեն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը։ Բոլորս լաւ գիտենք, որ իսկական հայը շինարար եղած է, ու մեր ժողովուրդին ու ազգին թշնամի՛ն միայն եղած է կործանարար։
Թող լաւ իմանան այդ չարախօսները, որ հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները, ըլլան անոնք Հնչակեան, Դաշնակցական, Ռամկավար, բարեգործական, մշակութային, հայրենակցական եւ բոլոր Հայ անունը կրող կազմակերպութիւններ միայն ու միայն մեր ժողովուրդին գնահատանքին արժանի պէտք է ըլլան, եւ իւրաքանչիւր իրաւ, ազնիւ հայ, պէտք չէ ճիգ խնայէ, որ անոնք բոլորն ալ զօրանան, որովհետեւ անոնց զօրացումն է որ պիտի ապահովէ հայապահպանումի սրբազան գործը եւ յաւերժացումը մեր հայրենիքին:
Ինչպէս կ՛ակնկալէք, որ մենք նկատի առնենք զանոնք, երբ անոնք անդամ իսկ չեն միութեան ու կը տեսնենք, որ ատելութիւն, ոխ եւ այնչափ չարութիւն կայ անոնց հոգիներուն մէջ որ կ՛ուզեն կործանել հայկական բարեսիրական միութիւն մը։ Հայու ի՛նչ անվայել վարմունք է այս:
Կ՛ուզեմ հակիրճ պատմականը ընել Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակումին, որպէսզի գիտնաք ճշմարտութիւնները։
1967ին Կիպրոսի մէջ քաղաքական անապահով վիճակ մը ստեղծուած էր Յունաստանի զինուորական յեղաշրջումին պատճառաւ։ Կիպրոսի յոյներուն եւ թուրքերուն միջեւ վտանգաւոր լարուածութիւն մը կար եւ անհանգիստ եւ մտահոգիչ կացութիւն մը ստեղծուած էր հայ համայնքին համար։
1968ին եւ 1973ին Փարիզի մէջ ՀԲԸ Միութեան պատգամաւորական ժողովներուն հարցը պաշտօնապէս դրուեցաւ, թէ պէ՞տք էր արդեօք Մելգոնեան հաստատութիւնը փոխադրել ուրիշ ապահով երկիր մը։ Յայտնեմ, որ ես անձամբ ներկայ էի այդ ժողովին. Կիպրոսի պետական հայ ներկայացուցիչը, որ նոյն ատեն ատենապետն էր Կիպրոսի ՀԲԸ Միութեան եւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վարչութիւններուն, համոզիչ բացատրութիւններ տուաւ, թէ այս դժուարին օրերուն Կիպրոսի բարեխնամ եւ հայասէր կառավարութեան եւ Կիպրոսի ժողովուրդին զօրաւոր ապտակ մը տուած պիտի ըլլայինք, եթէ այդպիսի քայլ մը առնէինք հիմա այս պայմաններուն տակ։
1974 ամառը Թուրքերը գրաւեցին Կիպրոսի մէկ մասը. Ռմբակոծուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եւ հրկիզուեցաւ ու քանդուեցաւ տղոց շէնքին մէկ մասը։ Մենք՝ հայերս, կորսնցուցինք մեր եկեղեցին, մեր դպրոցը, մեր պատմական Մակարայ վանքը եւ շատ մը հայեր կորսնցուցին իրենց տուներն ու աշխատանքը։ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ հասկնալի եւ արդարանալի պատճառներով։
Այս կացութեան իբրեւ հետեւանք, 1975ին Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց փակել հաստատութիւնը. սակայն Լիբանանի եւ Պարսկաստանի քաղաքական տագնապները պատճառ եղան, որ բազմաթիւ հայ պատանիներ, խոյս տալով իրենց երկիրներէն, գան ու ապաստանին Կիպրոս։ ՀԲԸՄը, ըստ իր ընկալեալ սովորութեան, չէր կրնար հայ պատանիները անտէր թողուլ, ուստի առաւ զանոնք իր հովանիին տակ։ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ անոնք շարունակեցին իրենց ուսումը։ Այս ուսանողներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ վերջին տասնամեակին, Մելգոնեանը օգտագործեցին իբրեւ փոխանցման վայր՝ անցնելու եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներ։
1980ական թուականներու սկիզբը, թրքական թերթերը լուրեր տարածեցին, թէ Գաղտնի բանակը (ASALA) Մելգոնեան կրթական հաստատութեան սահմաններուն մէջ ահաբեկիչներ (terrorists) կը մարզէ։ Մելգոնեանի հոգաբարձութիւնը, ամբողջ կիպրահայութիւնը եւ մանաւանդ ՀԲԸ Միութեան պատասխանատուները սարսափի մէջ եւ լուրջ պատասխանատուութեան տակ էին։ Երեւակայեցէք հայ պատանիներ, աղջիկներ ու տղաներ, իրենց ծնողներէն հեռու երկսեռ գիշերօթիկ դպրոցի մէջ թրքական ազդարարութեան սարսափին տակ։ Արդէն 1974ին, անգամ մը ռմբակոծուած էր հաստատութիւնը թրքական ուժերուն կողմէ։
Մելգոնեանի հոգաբարձութիւնը անմիջապէս հերքումներ հրապարակեց, նոյնիսկ Թուրքիայէն թղթակիցներ եկան ու Մելգոնեանը անպաշտօն կերպով խուզարկեցին եւ հաստատեցին, թէ այդպիսի բան չէր եղած եւ չի կրնար ալ ըլլալ:
Կիպրոսի բարեխնամ կառավարութիւնը մասնաւոր ոստիկանական ջոկատ մը (special unit) ղրկեց հակաօդային թնթանօթեր զետեղուեցան հաստատութեան կալուածին վրայ, որպէսզի հսկեն եւ վստահութիւն ներշնչեն աշակերտութեան եւ պատասխանատուներուն։ Օրերով այս ջոկատները գիշերեցին Մելգոնեանի մէջ։ Երեւակայեցէք, որ ի՛նչ մտահոգիչ կացութեան մէջ էին ամբողջ հաստատութիւնը եւ միութեան ղեկավարները։ Ի՞նչ պիտի ըլլային ձեր մտածումները նման կացութեան մը մէջ։
Քանի մը տարիներ ետք, թէեւ շրջանի քաղաքական կացութիւնը յարաբերական բարելաւում մը արձանագրեց, սակայն Մելգոնեան կրթական հաստատութեան աշակերտութեան թիւը չի բարելաւուեցաւ։
Ուրեմն, 1985ին Լոզանի մէջ, Կեդրոնական վարչական ժողովը միաձայնութեամբ, առանց բացառութեան, որոշում առաւ ծախելու միութեան Մելգոնեան կրթական հաստատութեան կալուածը եւ պարտականութիւն տուաւ նախագահին, որ այդ հողերը ամբողջութեամբ եւ կամ մասամբ ծախէ, նկատի ունենալով հողամաս մը՝ ապահովելու համար Կիպրոսի ՀԲԸ Միութեան եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան համար կեդրոնատեղի մը։
1986ին տօնուեցաւ հաստատութեան 60ամեակը Կիպրոսի մէջ։ Այդ շրջանին Կիպրոս անդամ պիտի դառնար Եւրոպական միութեան ու ըսուեցաւ, թէ Եւրոպական երկիրներէն (Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ այլն) մեծ թիւով աշակերտներ պիտի գային Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն ու Մելգոնեանի շրջանաւարտները իրենց զաւակները պիտի ղրկէին, ու այս ձեւով աշակերտներուն թիւը պիտի բազմանար եւ մասամբ արդարանար Մելգոնեանի գոյութիւնը։ Խանդավառուած տրուած խոստումներէն՝ ՀԲԸՄը մօտաւորապէս 4 միլիոն տոլար ծախսեց, ամբողջութեամբ նորոգուեցան հին շէնքերը եւ կառուցուեցան նոր ննջարաններ, ճաշարան, շինուեցաւ արդիական խոհանոց, շինուեցան ուսուցիչներու համար բնակարաններ, մարզարան եւ զանազան խաղավայրեր ակնկալուած 400 ուսանողներ տեղաւորելու համար։ Բարելաւուեցաւ նաեւ կրթական ծրագիրը՝ բարձրացնելով զայն միջազգային մակարդակի, գոհացում տալու համար համալսարաններու ընդունման պայմաններուն։
Տարիներ անցան եւ տրուած բոլոր խոստումները ի դերեւ ելան, աշակերտներ չեկան եւրոպական երկիրներէ. ո՛չ Մելգոնեան հաստատութեան շրջանաւարտները եւ ո՛չ ալ այսօրուան աղմկարարները իրենց զաւակները ղրկեցին Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն։ Միջին Արեւելքի երկիրներէն եկող աշակերտներուն թիւը նուազած էր շրջանի երկիրներու կրթական պահանջներուն, ինչպէս նաեւ ձեզի ծանօթ քաղաքական պատճառներով։ Կիպրոսի հայկական նախակրթարաններու շրջանաւարտներէն միջին հաշիւով 20 առ հարիւրը միայն յաճախեց Մելգոնեան, որովհետեւ բարեկեցիկ ընտանիքներ իրենց զաւակները պէտք է ղրկէին ամերիկեան եւ անգլիական վարժարաններ, իսկ ուրիշներ ալ իրենց զաւակները չէին ուզեր ղրկել Հայկական բարեգործական միութեան վարժարանը։
Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, հինգ տնօրէններ փոխուեցան. անոնցմէ ոմանք ըսին, թէ այս պայմաններու տակ ինչո՞ւ պէտք է պահուի երկսեռ գիշերօթիկ Մելգոնեանը, քանի որ ան դադրած է ծառայելէ իր նպատակին։
Վերջին տնօրէնուհին ճամբորդեց Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ, աշակերտներ բերելու, չյաջողեցաւ։ Ան գնաց Արեւելեան եւրոպական երկիրներ, աշակերտներ եկան Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն, Ալպանիայէն, Ռուսիայէն, Հայաստանէն եւ Ղարաբաղէն։ Հարց դրուեցաւ, թէ Հայաստանէն եւ Ղարաբաղէն ինչո՞ւ աշակերտ բերել Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն. հայկական ոգի ու հայրենասիրութի՞ւն սորվեցնելու համար հայութեան ու հայակերտումի կեդրոններէն եկողներուն։ Այս անընդունելի պիտի գտնէր որեւէ հայկական կազմակերպութիւն։ ՀԲԸՄը երբեք չէ քաջալերած արտագաղթը, այլ ընդհակառակը, քաջալեր հանդիսած է, որ հայ երիտասարդներ երթան հայրենիք՝ դէպի աղբիւրը եւ ակունքը մեր ինքնութեան։
Հայակերտումը նպատակ ունենալով՝ կը մէջբերեմ տնօրէնուհիին յայտարարութիւնը Արեւելեան Եւրոպայէն եկող աշակերտներուն վերաբերեալ. «Կու գան աշակերտներ, որոնք հայերէն մէկ տառ իսկ չեն ճանչնար, ոչ ալ իրենց հայկականութենէն լուր ունին, ոչ հայախօս են, ոչ հայկական եկեղեցի յաճախած են եւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ. Մելգոնեանէն կը մեկնին, հայերէն գրել, կարդալ ալ կը սորվին»:
Մելգոնեան կրթական այս պատմական հաստատութիւնը հայակերտումի օրրան մը եղած է եւ կարելի չէ ընդունիլ, որ հայերէն գրել կարդալ սորվեցնելու համար, երկսեռ գիշերօթիկ երկրորդական վարժարան մը ըլլայ ան:
Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ունեցած է անուրանալիօրէն փառապանծ անցեալ մը եւ եղած է հայութեան հպարտութիւնը։ Մեր ազգին տուած է բանաստեղծներ, գրագէտներ, տնօրէններ, հայերէնի ուսուցիչներ, խմբագիրներ, ազգային գործիչներ ու ղեկավարներ, որովհետեւ անցեալի ուսուցիչները եղած են հայ ժողովուրդի տիտաններէն՝ Յակոբ Օշական, Վահան Թէքէեան, տոքթ. Թօփճեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Վահրամ Մաւեան, Վահէ Վահեան, երաժշտագէտներ Բարսեղ Կանաչեան եւ Վահան Պետէլեան, եւ մշակոյթի ու կրթութեան բազմաթիւ հսկաներ։
«Մելգոնեան Որբանոցը, ՀԲԸ Միութեան առաջին հոգետունն է, ուրկէ ներս, առաջին օրերուն ապաստան գտած են շփոթահար ու անտէր որբերը մեր ազգին։ Ապա գիտակից ընտրութեամբ ուսումնատենչ պարման-պարմանուհիներ եկան հայօրէն թրծուելու այս մեծ հաստատութեան մէջ։ Այս կրթօճախը եղաւ յոյսի աղբիւր մը մեր քայքայուած մշակոյթի վերապրումին եւ արդարացուց այդ մարտահրաւէրը»:
«Մելգոնեանը հայեցի ուսման հնոց մըն էր, հայ հոգիի օրրան մը ու հայ ազգի ապահով հասցէ մը»: Այս է հաստատութեան գոյութեան նպատակը ու առաքելութիւնը։ Բայց դժբախտաբար, իրատես պէտք է ըլլանք ու ընդունինք, որ ժամանակներու բերումով, պայմանները ու պահանջները ամբողջութեամբ փոխուած են ու մեզի կը մնայ տրամաբանական ու գործնական նոր միջոցներ ստեղծել՝ հաւատարիմ մնալով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան առաքելութեան։ Ահա այս է, որ ՀԲԸ Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը կ՛ուզէ իրագործել։
Կիպրահայ մամուլը՝ «Ազատ Ձայն»ը կը գրէ. «Փոխուած են ժամանակները. Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը չի ծառայեր իր գոյութեան նպատակին՝ հայապահպանումին: Պէտք է նկատի ունենալ, որ Մելգոնեանի մթնոլորտը հիմնովին փոխուած է։ ԻՆՉՈ՞Ւ։ Ժամանակի պայմաններու բերումով, դժբախտաբար Մելգոնեանը վերածուած է «Հայապատկան» երկրորդական վարժարանի մը»:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական ղեկավարութիւնը միշտ առաջնորդուած է միայն ու միայն հայութեան ընդհանրական եւ գերագոյն շահերէն։ Անմահ բարերարներու կտակը եւ ՀԲԸ Միութեան բարերարներու իւրաքանչիւր լուման բծախնդրօրէն եւ լաւագոյն կերպով կ՛օգտագործուին։ Ամերիկեան ընկերութիւն մը յայտարարեց, թէ՝ «ՀԲԸ Միութիւնը ամէնէն ապահով ու վստահելի բարեգործական կազմակերպութիւնն է, բարերարներ վստահ թող ըլլան, որ իրենց լումաները լաւագոյն եւ ամենաօգտակար կերպով պիտի օգտագործուին»։ Ուրեմն կը տեսնենք, որ Մելգոնեանի փակումը 30 երկար տարիներու լուրջ օրակարգի հարց եղած է եւ ապա գործադրուած փակման անփոփոխելի եւ վերջնական ամենադժուարին բայց իմաստուն ու հեռատես որոշումը։
ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական վարչական ժողովը, յաւերժացնելու համար Մելգոնեան եղբայրներու յիշատակը եւ անոնց հայակերտումի իտէալը, նաեւ արդի ժամանակներու պայմաններուն ու պահանջներուն գոհացում տալու նպատակով, ծրագրած է Մայր հայրենիքի հողին վրայ կառուցել Մելգոնեան կրթական համալիրը. Մելգոնեան եղբայրներու սկզբնական երազն ալ եղած էր արդէն ակադեմիայի մը հիմնումը Հայաստանի հողին վրայ։
Այս համալիրէն պիտի օգտուին արտասահմանի բոլոր երկիրներէն հայ պատանիներ, երիտասարդներ, համալսարանական ուսանողներ, ուսուցիչներ, հայագիտական մասնագիտութիւնը հետապնդող ուսանողներ եւ բանասէրներ։ Մելգոնեան համալիրին հողը արդէն գնուած է Երեւանի կեդրոնական շրջանի Նորքի գեղեցիկ բարձունքին վրայ եւ այս սքանչելի եւ արդիական ծրագիրը պատրաստուած է ֆրանսահայ հանրածանօթ ճարտարապետի մը միջոցաւ։ Մանրամասնութիւնները կրնաք տեսնել ՀԲԸՄի «Յուշարար Միութիւն» պարբերաթերթի Ապրիլ 2008 թիւին մէջ։
Այս համալիրը պիտի ծառայէ ոչ թէ 150-200 աշակերտներու, այլ ամէն տարեշրջանի շուրջ 1000 երիտասարդներու, որոնք հայրենիքին մէջ պիտի թրծուին հայութեամբ, հայակերտումի աղբիւրէն եւ պիտի վերադառնան իրենց երկիրները ներշնչելու համար նոր սերունդները։
ՀԲԸ Միութեան 103 տարիներու պատմութեան մէջ Կեդրոնական վարչութեան առած որոշումները միշտ ազգօգուտ եղած են եւ վստահ կրնաք ըլլալ, որ այս որոշումն ալ առաջնորդուած է մեր ազգային ընդհանրական շահերէն, ճիշդ, հեռատես ու ազգօգուտ որոշում մըն է առնուածը։
ՀԲԸ Միութեան Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը հայութեան դալարագեղ եւ պտղատու ծառերէն մէկն էր։ Դժբախտաբար վերջին տարիներուն, ժամանակի պայմաններուն բերումով, այս ծառը սկսաւ թառամիլ ու անպտուղ դառնալ:
Սակայն ՀԲԸ Միութեան պատկառելի Կեդրոնական վարչութիւնը, խոհեմութիւնը ունեցաւ այս պատմական ծառը փոխադրելու հայրենիք, որպէսզի անոր արմատները հայրենական հողէն պարարտացած՝ կրկին դառնայ մշտադալար պտղատու հայաբոյր ծառ, յաւերժացնելով անմահն բարերարներ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներուն նպատակը։
Լոս Անճելըս
Bravo AGBU, I propose that ARF is the Mind and AGBU the Heart of Armenians’- These two should form a united front against the entire riffraffs in Armenian politics.