ՍԷՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսիային քորէական նաւ մը, որ զէնք փոխադրելու կասկածներու պատճառով ամերիկեան ծովուժին կողմէ կը հետապնդուէր, Երկուշաբթի օր սկսած է իր տուն վերադարձը։
Նաւուն վերադարձը կրնայ մեղմացնել քորէական թերակղզիին վրայ լարուածութիւնը, որ Շաբաթ օր բարձրացած էր, երբ Հիւսիսային Քորէա եօթը միջին հասողութեամբ հրթիռներ արձակած էր։