ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Յուլիս 7ին մասնակցած է «Համաշխարհային ճգնաժամի ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ. կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարներ» խորագրեալ եռօրեայ միջազգային համաժողովի բացման հանդիսութեան: Համաժողովը կազմակերպուած է «Հայկական միջազգային տնտեսական հետազօտութիւնների խումբ» կազմակերպութեան կողմէ:
Վարչապետը ողջունելով համաժողովի մասնակիցները՝ յոյս յայտնած է, որ ներկայացուող հետազօտական աշխատանքները օգտակար պիտի ըլլան ե՛ւ մասնագէտներուն ե՛ւ կառավարութեան համար: Այնուհետեւ Տիգրան Սարգսեան ներկայացուցած է Հայաստանի շուկայական բաց տնտեսական համակարգի արմատաւորման ընթացքը եւ զարգացման փուլերը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ազդեցութեան առանձնայատկութիւնները:
Անդրադառնալով կառավարութեան հակաճգնաժամային քաղաքականութեան՝ Հայաստանի վարչապետը հաւանական նկատած է, որ անցած հինգ ամիսներու տնտեսական անկումը շարունակուի, նշելով, որ բարելաւում կարելի է ակնկալել միայն տարեվերջին: Տ. Սարգսեան յայտնած է նաեւ, թէ համագործակցելով միջազգային տնտեսական կազմակերպութիւններու եւ գործընկեր երկիրներու հետ, կառավարութիւնը կը փորձէ մեղմացնել ճգնաժամին բացասական հետեւանքները: