ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնի՝ Անկախութեան օրուան առիթով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Յուլիս 7ին այցելած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն եւ շնորհաւորած դեսպանութեան բարձրաստիճան աշխատակիցները:
Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակի տեղեկութիւններուն, Հայաստանի նախագահը իր շնորհաւորական խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է.
«Ցանկանում եմ Միացեալ Նահանգներին հետագայ հզօրացում, իսկ նրա ժողովրդին՝ բարգաւաճում: Մենք իրապէս շահագրգռուած ենք Միացեալ Նահանգների հետ մեր յարաբերութիւնների հետագայ զարգացմամբ: Մենք Միացեալ Նահանգներին ընկալում ենք ոչ միայն որպէս հզօր երկիր, որպէս Հայաստանի ամենամեծ մարդասիրական օգնութիւնը ցուցաբերող երկիր, այլեւ մի երկիր, որը ամենաօրհասական պահին մեր ժողովրդին օգնութեան ձեռք մեկնեց, նրա մի ստուար հատուածին իր գիրկն ընդունելով՝ հնարաւորութիւն տուեց զարգանալու եւ իրենց աւանդը ներդնելու ինչպէս Միացեալ Նահանգների հզօրացման, այնպէս էլ իրենց ազգային ինքնութիւնը պահպանելու գործում»:
Հայաստանի մօտ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մէրի Եովանովիչի հետ ծաւալած առանձնազրոյցին ընթացքին, երկուստէք ընդգծուած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ առաջ մղելու ցանկութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը: Դեսպան Մ. Եովանովիչ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած վերջին հանդիպումներէն իր տպաւորութիւնները:
Առանձնազրոյցի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ հայ-թրքական քաղաքական երկխօսութեան: