ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան պետական երկօրեայ այցով գտնուող Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս, կնոջ՝ Էլսի Խրիսթոֆիայի հետ երէկ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: Կիպրոսի ղեկավարին կ՛ուղեկցէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
Կիպրոսի նախագահը Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ թանգարանի փաստավաւերագրական նիւթերուն, որոնք կը պատմեն հայկական ջարդերուն մասին, նաեւ լուսանկարներուն եւ այլ փաստաթուղթերու: Թանգարանի յուշամատեանին մէջ Տ. Խրիոսթոֆիաս թողուց հետեւեալ արձանագրութիւնը.
«Ցաւ ու ափսոսանք կը զգանք՝ տեսնելով երիտթուրքերու կողմէ հայերու նկատմամբ իրագործուած այս ոճրագործութիւնը: Ամբողջ մարդկութեան պարտքն է ճանչնալ եւ դատապարտել այս ոճիրը, որ իրագործուած է ամբողջ մարդկութեան դէմ: Կիպրոսը միշտ եղած է ու կը մնայ Հայաստանի կողքին Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ»:
Նոյն օրը, Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններուն զարգացման եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան ներուժը աշխուժացնելու, մասնաւորապէս տնտեսական, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն առնչուող հարցեր:
ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն տարածաշրջանային համագործակցութեան համաթեքսթին մէջ մեր երկրին աջակցելու կիպրական կողմի պատրաստակամութիւնը: