ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Աքթիւէլ» շաբաթաթերթը Թունճայ Օփչինի ստորագրութեամբ հրատարակած է զգայացունց նոր լուր մը Հրանդ Տինքի կապակցութեամբ։ Հոն կը պնդուի, որ Քէշանի զօրագունդի գնդապետներէն մէկը ենթասպայի մը հրահանգած էր սպաննել Հրանդ Տինքի կողակից Ռաքէլն ու դուստրը։ Ենթասպան մերժած է գործադրել այդ հրահանգը ու կացութենէն տեղեակ պահած է Տինքի փաստաբաններէն Ֆէթհիյէ Չէթինը։ Այս վերջինը իմաց տուած է ոստիկանութեան, որմէ ետք գնդապետին փոխարէն ենթասպան ձերբակալուած եւ անոր դէմ դատ բացուած է՝ իր մեծաւորներուն դէմ զրպարտութիւն ընելու ամբաստանութեամբ։
Պատմութիւնը բաւական երկար, բարդ ու դժուար հասկնալի է, բայց իր ամէնէն սեղմ տողերուն մէջ ըսենք, որ գնդապետը փորձած է օգտուիլ ենթասպային հոգեկան անկայուն վիճակէն ու նիւթական դժուարութիւններէն՝ առաջարկելով այս ոճիրները կատարել, «որովհետեւ Հրանդին սպաննուած ըլլալը բաւարար չէր, միւսներն ալ պէտք է սպաննուէին»։
Սակայն ենթասպան մերժած է առաջարկը՝ յիշեցնելով գնդապետին, թէ Հրանդ Տինքը սպաննած ոճրագործը հիմա բանտարկուած է, եւ թէ ան չէր ուզեր նոյն ճակատագիրը ունենալ:
Գնդապետը մօտաւորապէս 200,000 տոլար խոստացած է սպանութեանց փոխարէն եւ փորձած է զայն համոզել՝ ըսելով, որ եթէ նոյնիսկ ձերբակալուի, օձիքը պիտի ազատէ իբրեւ հոգեկան անհանգստութիւն անցուցած մարդ, միաժամանակ ազդարարելով, որ եթէ առաջարկը մերժէ, ապա զինք բանակէն պիտի վտարէ։