ՊՈԼԻՍ.- «Սապահ»ի աշխատակից Ապտիւլրահման Շիմշէք հարցազրոյց մը ունեցած է Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, Պոլսոյ շրջանի նախկին նախագահ Օսման Նուրի Կիւնտէշի հետ, որ այս պաշտօնին վրայ էր 1980ական թուականներուն։ Կը թուի, թէ անոր յանձնուած էր ԱՍԱԼԱի դէմ պայքարելու ու այս կազմակերպութիւնը չէզոքացնելու պարտականութիւնը։ Հարցազրոյցի ընթացքին ան ԱՍԱԼԱի մասին կը խօսի, սակայն կը յայտնէ, թէ ասիկա պետական գաղտնիք է եւ կը մերժէ յաւելեալ բացատրութիւն տալ։
Սակայն, ան կը մերժէ այն վարկածը, թէ ԱՍԱԼԱն անդամալուծուեցաւ ներքին պառակտումի հետեւանքով։ «Այդպիսի բան չկայ։ ՄԻԹն է, որ պայքարեցաւ ու ապահովեց այդ վախճանը։ Այս դաւաճաններուն դէմ պայքարելու պարտականութիւնը ինծի յանձնուած էր. հիմա ճիշդ չէ իմ կատարած գործս նուաստացնել, աւելի պզտիկ ցոյց տալ, մե՛նք ապահովեցինք, որ ԱՍԱԼԱ դադրեցնէ իր արիւնոտ յարձակումները։ Առաջքը առինք ծանր յարձակումներու: ԱՍԱԼԱի դէմ զանազան գործողութիւններ կատարուեցան. այս բոլորը ես կառավարեցի. պետական արխիւներու մէջ արձանագրուած է, թէ ինչպէս վերջացուցինք ԱՍԱԼԱի գործը, բայց մենք չենք կրնար հրապարակել ասոնք, որպէսզի խնդիրներ չստեղծենք միջազգային հրապարակներու վրայ», ըսաւ Կիւնտէշ։
Անոնք «հոգեբանական պայքար» եւս մղած են ԱՍԱԼԱի դէմ. օրինակ, ղեկավարներէն Արա Թորանեանի ինքնաշարժին վրայ գանկի մը պատկերը գծած են, որպէսզի վախցնեն ու զգացնեն, թէ անոր կեանքը սպառնալիքի տակ է։ «Թորանեանի կառքին մէջ պատահած պայթումն ալ ասոնցմէ մէկն էր։ Նպատակը սպաննել չէր, վախցնել էր», կ՛ըսէ ան։
Arten ays massine keretsi kani m’e or aratch
mezi ge pana ezkon ellal
yev zirar tchamasdanel
Mit’e vartsadz çr beyrouthi
“pernagir’nèr’e”
ays barz é!!!!!!!!!!!!!!!!!!!