ՎԷՆ ՆԱՅԶ.- Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան Ուրբաթ, Յուլիս 10ի կէսօրին պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը յայտարարեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի երկրորդ ընտրապայքարի ընտրութիւններուն:
Փօլ Գրիգորեան արդէն իսկ ապահոված է հովանաւորներու եւ իր թեկնածութեան աջակցողներու յատկանշական թիւ մը Լոս Անճելըսի Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ: