ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուրբաթ, Յուլիս 10ին տեղեկացուց, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը Հինգշաբթի գիշեր վաւերացուցած է 2010 տարեշրջանին համար առաջադրուած արտաքին օժանդակութիւններու բանաձեւը, ուր 48 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի համար՝ 10 միլիոն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար՝ 3,450,000 տոլարի ռազմական օժանդակութիւն: Բանաձեւին մէջ նաեւ կը խստացուի Ատրպէյճանի ռազմական օժանդակութիւններ արգիլող թիւ 907 յօդուածը ու կը պահուի Ատրպէյճանի ու Հայաստանի ռազմական օժանդակութիւններու հաւասարակշռութիւնը:
Յատկանշական է, որ Հինգշաբթի, Յուլիս 9ի յետմիջօրէին, Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը վաւերացուց արտաքին օժանդակութիւններու բանաձեւին իր տարբերակը, որուն մէջ Հայաստանի համար նկատի առնուած էր նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած 30 միլիոն տոլարի օժանդակութեան առաջարկը: Ըստ Ծերակոյտի յանձնախումբի որոշումին, Ատրպէյճանին պիտի տրամադրուի 22 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն:
Այժմ, Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին վաւերացուած բանաձեւը պէտք է համադրուի Ծերակոյտի լիագումար նիստին վաւերացուելիք տարբերակին հետ՝ զայն նախագահին ղրկելէ առաջ:
Յիշեցնենք, թէ Ապրիլ 3 թուակիր նամակով մը, Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ՝ քոնկրէսականներ Ֆրէնք Փալոն եւ Մարք Քըրք, առաջադրած էին աւելի խստացնել Ատրպէյճանի ռազմական օժանդակութիւններ արգիլող թիւ 907 յօդուածը, իսկ Հայաստանի համար 70 միլիոն ու Լեռնային Ղարաբաղի համար 10 միլիոն տոլար տնտեսական օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար 5 միլիոն տոլարի ռազմական օժանդակութիւն պահանջած էին Քոնկրէսի իրենց պաշտօնակիցներէն, միաժամանակ շեշտելով, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ պաշտօնական յարաբերութեանց առջեւ դրուած պաշտօնական արգելքները պէտք է վերացնել:
Քոնկրէսականներ Նիթա Լոուի, Մարք Քըրք եւ Էտըմ Շիք ողջունեցին Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին որոշումը: Շիֆ կարեւոր նկատեց յատկապէս այն իրողութիւնը, թէ հակառակ Օպամայի կառավարութեան պահանջքին, կարելի եղած է պահպանել Ատրպէյճանի ու Հայաստանի ռազմական օժանդակութիւններու հաւասարակշռութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան եւս ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան որոշումը՝ մատնանշելով յատկապէս Արցախի տրամադրուած օժանդակութեան եւ ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Ան միաժամանակ յայտարարեց, թէ «յուսախափ է» Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնը 30 միլիոն տոլարով նուազեցնելու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբի որոշումէն, յուսալով, որ այն որոշումը կը բարեփոխուի Ծերակոյտի լիագումար նիստին կամ Քոնկրէսի երկու տուներուն միջեւ այս բանաձեւին շուրջ կայանալիք բանակցութեանց ընթացքին: