ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի կառավարութեան Յուլիս 9ի նիստին ընթացքին որոշուած է Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին, 2011 թուականին մարդահամար իրականացնել:
Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Ստեփան Մնացականեանի, ստեղծուած է յատուկ յանձնաժողով, որ արդէն գումարած է իր առաջին նիստը եւ սահմանած՝ իր գործունէութեան ցուցակը: Ըստ անոր, մինչ այդ, 2010ին պիտի կատարուի նաեւ փորձնական մարդահամար: