Շաբաթ, Յունիս 27ին տեղի ունեցաւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի պատգամաւորական 87րդ ժողովը, Ալթատինայի ԹՄՄի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ:
Ներկայ էին շրջանի վեց ակումբները ներկայացնող պատգամաւորներ: Դիւանի անդամ ընտրուեցան տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան եւ Աւետիս Մակարեան՝ իբրեւ ատենապետներ, իսկ Փօլին Պասմաճեան՝ ատենադպրուհի:
Ժողովականներ մեծապէս գնահատեցին ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամները՝ իրենց տարած ազգանուէր եւ ժրաջան գործունէութեան համար, եւ յատուկ գնահատանքի արժանացաւ ատենապետ Յակոբ Նազարեանը:
Պատգամաւորական ժոողովը միաձայնութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ վերընտրեց Յակոբ Նազարեանը, որ իր կարգին ներկայացուց յառաջիկայ տարուան Շրջանային վարչութեան կազմը, որմէ ետք ժողովը փակուեցաւ կուսակցութեան քայլերգով: