ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յուլիս 25էն Օգոստոս 1, 7-15 տարեկան հայ պատանիներ առիթը պիտի ունենան մասնակցելու «Քեսապ» ճամբարին, Սիյէրա Մատրէյի լեռներուն վրայ, հաճելի պահեր անցնելով իրենց տարեկից պատանիներուն հետ: Այս տարի ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Թէքոյա բանակավայրին մէջ, իսկ մասնակցութեան սակը 250 տոլար է իւրաքանչիւր պատանիի համար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, դիմել (818) 704-9334 թիւին կամ նամակ մը յղել kyo@kessabyouth.com հասցէին:
Ճամբարը կը կազմակերպուի Քեսապի երիտասարդական կազմակերպութեան կողմէ: