Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով, Արեւմտեան թեմի մէջ ծառայութեան կը կոչուի Մեծի տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն Վաղինակ վրդ. Մելոյեանը։
Նկատի ունենալով թեմիս աշխատանքի դաշտերուն ընդարձակումն ու երիտասարդ հոգեւորականներու կարիքը, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու ժողովականութիւնը խնդրամատոյց եղած էին վեհափառ հայրապետին, որպէսզի երրորդ միաբան մը եւս առաքէ։ Հայր Վաղինակ թեմէն ներս ծառայութեան կ՛առաքուի որոշ ժամանակի համար։ Ան Լոս Անճելըս ժամանեց Երեքշաբթի, 7 Յուլիսին, ու յառաջիկայ շաբաթէն սկսեալ, ծառայութեան պիտի կոչուի Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքէն ներս, հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեանի հետ։
Հայր Վաղինակ ծնած է Գամիշլի, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը։ Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Ան 1986ին դարձած է կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սան։ 1994ին, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի ձեռամբ։ Կաթողիկոսութեան յարկին տակ, ան ծառայած է Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին մէջ, եղած է մայրավանքի փոխլուսարարապետ, ապա նաեւ՝ «Թռչնոց բոյն»ի, Ազգ. ծերանոցի ու Ազգ. բուժարանի հոգեւոր խորհրդատու։
2001էն մինչեւ 2003, ծառայութեան կոչուած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ, ուր նաեւ հետեւած է բարձրագոյն ուսման, Փիթցպըրկի աստուածաբանական համալսարանին մէջ։ 2003ին ստացած է վարդապետական գաւազան։ 2006ին, նշանակուած է Քահանայից դասարանի տեսուչ։ Իր հետաքրքրութեան աշխարհը եղած են Աստուածաշունչն ու անոր մեկնութիւնը։ Հրատարակած է 12 գիրք, որոնք հոգեւոր բնոյթ ունին։
Նշենք, որ առաջնորդին տնօրինումով, հայր սուրբը Կիրակի, 12 Յուլիսին, պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։