ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բնական պայմաններու մէջ ամուսնացող զոյգի մը առաջին ու վերջին երազը ու նպատակը, երջանիկ տուն դառնալն է, ընտանիք կազմելն է: Այստեղ նշուած «Բնական պայմաններ»ը կը վերաբերին աւանդական հասկացողութեամբ կնքուող ամուսնութիւններուն, եւ ոչ թէ ներկայ ժամանակներու յատուկ «աշխատանքային» դաշինքներով կնքուող տեսակներուն, երբ ընկերութեան մը հետ պայմանագրութիւն կնքելու նման, երբեմն «թատերական» ամուսնութիւններ կը կնքուին:
Եկեղեցին ամուսնական դաշինքին համար կը գործածէ «ուխտ» բառը, որ սովորական բառ մը չէ, եթէ իր խորքային իմաստով ըմբռնուի: Եւ ուխտ մը, որ մարդոց դիմաց կատարուելէ բացի, նաեւ Աստուծոյ խորհրդաւոր ներկայութեան կը կատարուի:
Փնտռուած երջանկութիւնը, բնականաբար, այնքան ալ աժան գինով չի՛ «վաճառուիր» եւ ունի իր զոհողութեանց աստիճանաչափերը: Այս կալուածէն ներս մեծ փորձառութիւն շալկած բարեկամ մը կ՛ըսէր, թէ երջանիկ տունի մը պատերը կը բարձրանան միայն համբերութեան աղիւսներով…:
Կեանքի պայմանները տարբեր կացութիւններ կը ստեղծեն, եւ յանկարծ երջանկութիւնը որ այնքան փնտռուած ու գուրգուրանքի առարկայ վիճակն էր, վերջնականապէս կը լքէ ընտանիքը ու կը հեռանայ անկէ: Տարօրինակ է, որ յաճախ անիկա երկար տարիներ կը յամենայ, վերիվայրումներ կ՛ունենայ, տկարութեան պահերուն կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը, իսկ գոհունակութեան պահերուն մեծ քաջալերանքով կը խրախուսէ ընտանիքին անդամները: Կը պատահի յաճախ, որ զաւակներուն չափահաս դառնալէն ետք, նախապէս զգացուող այնքան բարգաւաճ երջանկութեան ծաղկեփունջը կը թուլցնէ իր կապերը, իրարմէ կ՛անջատուին ծաղիկները, նախքան վերջնականապէս անոնց թառամիլը:
Ընկերաբաններ բազմաթիւ պատճառներ կու տան նման կացութիւններու իբրեւ բացատրութիւն: Երբեմն ընտանիքի կարեւոր մէկ անդամին բացակայութիւնը, եւ կամ վերջնականապէս հրաժեշտ առնելը այս աշխարհէն, դրդապատճառներէն մէկը կը հանդիսանայ, որ տուեալ ընտանիքին մէջէն վերանայ երջանկութիւնը: Անձ մը, որ ընտանիքի անդամներու շղթային կարեւոր մէկ օղակը հանդիսացած էր իր տուած խորհուրդներով, չափաւորական կեցուածքով, արդար մօտեցումներով ու այլ առաւելութիւններով, որոնք զինք բնականօրէն ղեկավարը դարձուցած էին այդ ընտանիքին: Այդ անձը կրնայ հայրը, մայրը, մեծ եղբայրը, կամ մեծ քոյրը ըլլալ, որ իր ներկայութեամբ իսկ ամէնուն յարգանք պարտադրած կրնար ըլլալ, յատկապէս իր առած ճիշդ որոշումներուն համար: Տեսնուած է, թէ ինչպէս երբեմն ժառանգական հարցերու բերումով միեւնոյն ընտանիքին հարազատ զաւակները կը թշնամանան իրարու, չեն կրնար լուծել իրենց բաժին ինկած հարստութեան քանակական հաւասարութիւնը, եւ բերնի անհամութեամբ, անճոռնի արտայայտութիւններ կ՛ունենան իրարու հասցէին, որուն հետեւանքով վստահաբար կը տուժեն ամէնքը: Նման կացութիւններու առաջքը առնելու համար, երբեմն այդ ժառանգին իսկական տէրերը՝ հայր-մայր, իրենց կենդանութեան իսկ հաւասար մասերու բաժնելով այդ ժառանգը՝ կը կտակեն իրենց զաւակներուն: Ամէնէն լաւ ընտանեկան դաստիարակութիւնը տեսած զաւակներուն համար ալ նոյն այս կերպը պէտք է ի գործ դնել, որովհետեւ նիւթին նկատմամբ մարդուն վերաբերումը, եւ մանաւանդ մարդ էակին աչքածակութիւնը, բարոյագիտական օրէնքներն ու կրօնքները չեն կրցած ցարդ պարտութեան մատնել:
Երջանկութիւնը տան մէջ պահելու համար, քրիստոնէութիւնը կը յանձնարարէ երեք տուներ ունենալ, երեքին ալ սեփականատէրը ըլլալով միաժամանակ: Առաջին տունը, բնականաբար այն վայրն է, ուր կը գիշերենք, որուն համար կը տքնինք տիւ ու գիշեր, որուն երդիքը կը ծածկենք ամէն տեսակ անձրեւներու եւ փոշիներու դիմաց, որուն օճախը միշտ վառ կ՛ուզենք պահել, իսկ շունչը՝ ջերմ: Տուն մը, որ մեր կեանքի ժամանակին մեծ մասը կը խլէ մեզմէ, եւ որուն նկատմամբ մեր կատարած զոհողութիւններն ու նուիրաբերումը, գնահատանքի արժանանալու ակնկալութեամբ չենք կատարեր:
Երկրորդ տունին համար, թերեւս ոմանք մտածեն, թէ պէտք է ըլլայ գիւղի տուն մը, ուր անցընենք ամրան եղանակը, հանգստանալու համար քաղաքի տօթէն ու խճողումէն: Սա եւս առաջին տունին մաս կը կազմէ: Սակայն երկրորդ տունը, զոր քրիստոնէութիւնը մեզի կ՛ուսուցանէ ունենալ՝ Եկեղեցին է: Եկեղեցւոյ նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը, մեզ տանտէրը կը դարձնէ անոր, ու այս երկրորդ տան դրան բանալիները կը դնէ մեր գրպանը: Բայց զգո՜յշ: Այս տան նկատմամբ նախանձախնդրութիւն քարոզող մարդոց շա՜տ կարելի է հանդիպիլ: Անոնցմէ շատեր սակայն կեղծաւորներ են: Անոնք յաճախ եկեղեցւոյ ճամբէն չքալած ու անոր դրան ո՞ւր ըլլալը չգիտցող շատախօս «բարեկարգիչներ» են: Եկեղեցւոյ ո՛չ առաքելութեան, ոչ ալ կատարած աշխատանքին հաւատացող ըլլալով՝ անոնք կեղծուպատիր աղաղակներով Քրիստոսի գալուստը կը շեփորեն, իբրեւ թէ՝ այդպիսով ազատագրելու համար եկեղեցին սնանկութենէ: Քննադատութիւնն է անոնց այս «բարեկարգչական» արարքին առիթ ընծայող ձախող մօտեցումը: Նոյն բծախնդրութեամբ, եւ զՔրիստոս դարձեալ աշխարհ հրաւիրելու կոչականներով, պէտք է առաջին հերթին զԱյն իրենց սրտերուն մէջ առնեն, մաքրելու համար իրենց ներսիդին, եւ ապա յարդարելու Անոր հիմնած եկեղեցին:
Երրորդ տունը, որ Քրիստոնէական հաւատքը մեզի համար կը կառուցէ, եւ որուն սեփականատէրը ըլլալու կոչուած է իւրաքանչիւր հաւատացեալ, երկինքի մեր բնակարանն է, Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ: Այս հաւատքը ունեցող մարդը, երկրի վրայ իր տունը կառուցած միջոցին, եւ իր երկրորդ տան՝ եկեղեցւոյ մէջ գտնուած պահուն, կը ծրագրէ, կը կառուցէ, ու մինչեւ իսկ զարդարանքները կը զետեղէ իր երկնային բնակարանին: Նիւթեղէն կառոյցները իրենց ճակատագիրը պիտի ընդունին ուշ կամ կանուխ, սակայն երրորդ տեսակի այս տունը, որուն սեփականատէրը ըլլալ կը նշանակէ երկնաւոր Թագաւորին ժառանգութիւնը կտակել, փճացում չունենար, այլ հոգեղէն տաճարի իր անմահական սիւնաշարքերով, ամուր կը բռնէ յաւիտենական մեր կեանքի երդիքը, ժառանագակից դարձնելով մեզ Աստուծոյ բոլոր սուրբերուն:
Այս տան պարագային եւս, ինչպէս առաջին տեսակի տան, համբերութիւնը իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունի: Աստուածորդին կը յայտարարէ, որ այս տեսակի կեանքի վայելքին հասնելու համար, պէտք է մինչեւ վերջը համբերել (Հմմտ Մտ 10.22): Ուրեմն այս երրորդ տեսակի տան պատերը եւս համբերութեան աղիւսներով կը բարձրանան: Տուն մը որուն պատը ծակելով գողեր չեն կրնար ներս մտնել ու գողնալ, (Հմմտ Մտ 6.19-20), որովհետեւ անոր դուռը խաղաղութեան բանալիով կը բացուի, անոր կահկարասիները արդարութեամբ շահուած են, իսկ անոր փայլուն լուսամուտներէն, միայն առաքինութեանց բերած երջանկութեան ճառագայթները կ՛արեւեն դէպի ներս: